Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի մէջ պիտի գործէ Հայրենադարձներու համարկումի կեդրոն մը

Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը հիմնէ Հայրենադարձներու համարկումի կեդրոն մը: Կեդրոնի ղեկավար, հայրենադարձ Մարգարիտա Պաղտասարեան նշած է, որ հարկաւոր է հայրենադարձներուն ուղղուած աջակցութիւնը իրականացնել աւելի համակարգուած եւ լայն մասշտաբով:

«Ներկայիս, հայրենադարձը՝ տեղափոխուելով Հայաստան, տարբեր հարցերու շուրջ կը բախի շարք մը խնդիրներու՝ թղթաբանութիւն, ընդհանուր համարկում: Մեր գրասենեակը կը զբաղի այդ հարցերով: Ունինք հայրենադարձութեան ուղղուած բաժին մը, որ ամէն օր կ’աշխատի բազմաթիւ հայրենադարձներու հետ: Մենք հասկցանք, որ այս գործը պէտք է կատարուի աւելի համակարգուած ու լայն ծաւալով եւ մտայղացանք Հայրենադարձներու համարկումի կեդրոն մը ստեղծելու գաղափարը: Կեդրոնին նպատակը պիտի ըլլայ քաջալերել հայրենադարձութիւնը եւ օգնել, որ այդ ամբողջ գործընթացով անցնող անձը աջակցութիւն ստանայ՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ»,– ըսած է տիկին Պաղտասարեան:

Ան նշած է, որ պիտի կատարուի նաեւ հայրենադարձութեան տուեալներու թուայնացում: Ըստ անոր՝ տեղեկատւութիւնը պիտի հաւաքագրուի եւ վերլուծուի՝ հասկնալու համար, թէ հայրենադարձութեան ինչպիսի՛ հոսքեր կան, ովքե՛ր կու գան, ի՛նչ կարիքներ ունին եւ այլն:

Այս օրերուն ալ Հայաստան փոխադրուելու հարցերով հետաքրքրուողներուն թիւը մեծ է: Գրասենեակը ընթացիկ տարուան ընթացքին ընդունած է մօտաւորապէս հազար հայրենադարձներ եւ ունեցած՝ աւելի քան 3 հազար նամակագրութիւն:

Թէ Հայրենադարձներու համարկումի կեդրոնը երբուընէ կը սկսի գործելու, յանձնակատարի գրասենեակին ներկայացուցիչը դժուարացած է ըսելու: Նախնական տուեալներով՝ Կեդրոնը պիտի սկսի գործել գալ տարուան կէսերուն: Հիմա կը լուծուի Կեդրոնի վայրին խնդիրը, կը յստակացուի տարբեր կառոյցներու հետ համագործակցութեան ձեւաչափը: Համարկումի կեդրոնը պիտի ունենայ առցանց հարթակ մը, եւ այժմ կը լուծուին անոր արհեստագիտական խնդիրները: