Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան՝ Միշէլ Պարնիէի վարչապետ նշանակման առթիւ հետեւեալ գրառումը հրապարակած է «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին.
«Հայաստան երախտագիտութեամբ կը յիշէ Միշէլ Պարնիէի զոյգ այցելութիւնները Հայաստան. առաջինը՝ 1995 Նոյեմբեր 7-ին որպէս Արտաքին գործոց պատուիրակ նախարար, որ յատկանշուեցաւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան բացումով եւ երկրորդը՝ 2021 Դեկտեմբերին, որ իր զօրակցութիւնը յայտնելու համար էր պատերազմէն տանջուած ժողովուրդին»։
Հայաստանի դեսպանը իր գրառումին կցած է Ֆրանսայի նորանշանակ վարչապետին Հայաստան կատարած առաջին այցելութենէն կարճ տեսանիւթ մը, որ բաւական յուզիչ է նկատի ունենալով այդ օրերէն ի վեր տեղի ունեցած զարգացումները։ Հոն կ՚երեւին 40-ը նոր բոլորած Պարնիէն, դեռ նոր 50-ամեայ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, անոր խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեանը, Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի առաջին դեսպան տիկին տը Հարթինկը… մինչ ֆրանսական եռագոյնը նորաբաց դեսպանատան բակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանայ դէպի հայաստանեան երկինք։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։