Search
Close this search box.

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան պիտի այցելէ

Սթեֆան Սեժուրնէ-Արարատ Միրզոյեան նախորդ հանդիպումէ մը

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն «X»-ի իր հաշիւով կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ յառաջիկայ Կիրակի եւ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15-16-ին Հայաստան պիտի այցելէ։ Կը գրէ, թէ այդ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի Արցախի հայութեան իր հայրենի հողերը վերադարձի հարցն ալ, «հարց մը, որուն Ֆրանսա շատ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ»,– կ՚աւելցնէ Ժ.-Ք- Պիւիսոն։