Սեպտեմբեր 7-ին, Էսենի Հայ մշակութային միութիւնը Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ կազմակերպած է հանդիսութիւն-ընդունելութիւն՝ նուիրուած միութեան հիմնադրման 55-ամեակին, «55 տարի մշակոյթ» բնաբանով։
Գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանի անունով եւ օրհնութեամբ հանդիսութեան մասնակցած է նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վահրիճ քահանայ Պաղտասարեան։
Այս առթիւ պատրաստուած յայտագրով ներկայացուած են դասական համերգ, նկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէս, ֆիլմի ցուցադրութիւն, հայկական ժողովրդական պարեր եւ աւարտին ալ հիւրասիրուած են ներկաները։
Ձեռնարկին մասնակցած են Էսեն նահանգի Ելեւմուտքի նախարարութեան պետական քարտուղարը, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչը, Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի ատենապետը, Մայնցի, Հանաուի եւ Պեպրայի հայ համայնքներու վարչութեան անդամներ, տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հայորդիներ՝ մօտակայ քաղաքներէն։
Յընթացս հանդիսութեան, Վահրիճ քահանայ կարդացած է Սերովբէ Սրբազանի շնորհաւորական ուղերձը, որու աւարտին աղօթքով հայցած է Տիրոջ օրհնութիւնը՝ ներկաներուն։ Տէր հայրը աղօթած է նաեւ 1955 Սեպտեմբեր 6-7-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն զոհուածներու հոգիներուն համար։
Լուսանկարները՝ Անահիտ Հայրապետեանի
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։