Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իպրահիմ Քալըն.– “Հայ-թրքական գործընթացը կ՚ոչնչացնէ ԱՄՆ-ու հայկական սփիւռքի փաստարկները”

«Անատոլու» գործակալութեան համաձայն՝ Շիքակոյի մէջ թուրք քաղաքացիներու հետ հանդիպումին, Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ հայ-թրքական գործընթացը կ՚ոչնչացնէ ԱՄՆ-ուհայկական սփիւռքի փաստարկները։

Քալըն ըսած է, որ ԱՄՆ-ու հայկական լոպին հակաթրքական տրամադրութիւնները իր ինքնութեան մաս դարձուցած է:

“Կովկասի մէջ այժմ բոլորովին այլ գործընթաց կ՚իրականացուի, եւ այն հիմքը, որու վրայ այդ սփիւռքը կառուցած է իր բոլոր փաստարկները, կործանման եզրին է։ Այսինքն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հակամարտութիւնը կամ հայ-թրքական հակամարտութիւնը Կովկասի մէջ իր աւարտին կը մօտենայ։ Ղարաբաղի ազատագրումով եւ այդ շրջանին` Ազէրպայճանի կազմին մէջ վերահաստատուելով, պատմութեան նոր էջ մը բացուած է”,– նշած է Էրտողանի մամլոյ քարտուղարը։

“Ո՛չ ոք այլ ակնկալիքներ ունի այս դաշտին մէջ. Անգարա եւ Երեւան փոխադարձ քայլերու կը ձեռնարկեն յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Եւ Հայաստան թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական առումներով ամէնէն աւելի շահաւորը պիտի ըլլայ՝ որպէս դէպի ծով ելք չունեցող, տնտեսապէս թոյլ եւ Ռուսաստանի խնամակալութեան տակ գտնուող երկիր մը”,–
շեշտած է Քալըն։