Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան. «Մեր նպատակն է՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւները դարձնել առաւել պետականակեդրոն»

Սեպտեմբեր 20-ին, վարչապետ Փաշինեան ընդունած է արտասահմանի պետութիւններու մէջ սփիւռքի գործոց յանձնակատարները, ուղեկցութեամբ գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի։

Ողջունելով ներկաները՝ վարչապետը ընդգծած է սփիւռքի գործոց յանձնակատարի հաստատութեան կայացումը: “Դեռևս տարիներ առաջ ունէինք քաղաքական որոշում, հիմա այժմ այն ստանում է շատ յստակ գործառոյթ եւ կայանում է: Մեր նպատակը՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւները առաւել հաստատութենական եւ պետականակենտրոն դարձնելն է, նաեւ փորձել ձեւաւորել համակարգ, որ հնարաւորութիւն կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան անունից ամէնօրեայ կապի մէջ լինել սփիւռքի մեր համայնքների հետ, ինչ-որ առումով նաեւ սփիւռքի խնդիրները, օրակարգերը, մտահոգութիւնները, հարցերը համակարգուած ձեւով ներկայացնել ՀՀ կառավարութեան”,– նշած է ան:

Վարչապետին կարծիքով՝ «կարեւոր է գործառոյթները յստակ բաժնել եւ արձանագրել, որ սփիւռքը, որքան էլ կարեւոր եւ թանկագին է, բայց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման հաստատութիւն չէ եւ հակառակը՝ Հայաստան, որքան կարեւոր եւ սիրելի է սփիւռքի համար, բայց սփիւռքի կառավարման հաստատութիւն չէ»: “Մենք կրնանք ունենալ պատկերացումներ, առաջարկներ ձեր կողմէ ներկայացուած հարցերու վերաբերեալ, բայց մենք պէտք է միասին աշխատինք”,– ըսած է ան, յանձնակատարներուն կոչ ընելով  իրենց գործունէութեան ընթացքին կեդրոնանալ Հայաստանի եւ անոր շահերուն վրայ, Հայաստանը դարձնելով ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը:

Զարեհ Սինանեան նշած է, թէ յանձնակատարները ներգրաւուած են համայնքային կեանքի մէջ եւ լուրջ կապեր ունին Հայաստանի հետ, պատրաստ են ստանձնելու աշխատանքը եւ կապ հանդիսանալ սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին եւ համայնքներու միջեւ: Ան  տեղեկացուցած է, թէ յանձնակատարներու թիւը սա պահուս աւելի քան մէկ տասնեակ է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ նորերը նշանակելու աշխատանքը կը շարունակուի: