Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Արհ. Տ. Գէորգ արք. Նորատունկեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը Հռոմի մէջ

Սեպտեմբեր 21-ի երեկոյեան, Հռոմի Թոլենթինացի Սուրբ Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդ` Արհ. Տ. Գէորգ արք. Նորատունկեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետի եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ սինոդոսական հայրերու, կղերական դասին ու Վատիկանեան վերին իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսուչը` կարդինալ Գլաուտիօ Կուճերոթթի, որ արարողութեան ընթացքին կարդացած է եպիսկոպոսական տիտղոսի տուչութեան քահանայապետական կոնդակը եւ վաստակաւոր վերատեսուչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան՝ Խթանման վերատեսչութեան քարտուղար` գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչէ։

Ներկայ եղած են նաեւ քոյր եկեղեցիներու կղերական դասի անդամներ, նորօծ ձեռնադրեալ Արքեպիսկոպոսի ծնողները, հարազատներն ու բարեկամները, Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Պորիս Սահակեան եւ դեսպանատան աշխատակազմի անդամները։

Գրեթէ երեք ժամ տեւած հոգեպարար արարողութեան աւարտին  Նորօծ Աջանորդը արտասանած է իր խօսքը։

Աղբիւր՝ Վատիկան Նիուզի Հայկական բաժանմունք