Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ դեսպանութիւնը եգիպտահայ երեխաներուն համար կազմակերպած է ամանորեայ տօնահանդէս մը

Դեկտեմբեր 24-ին, Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, դեսպանատան պարտէզին մէջ կազմակերպած է ամանորեայ տօնահանդէս մը, եգիպտահայ շուրջ 100 երեխաներու համար։

Ձեռնարկին ներկայացուած է երգ ու պարով մանկական ծրագիր մը։

Ներկայ եղած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպիսկոպոս Գուսան եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։