Հայաստանի Սիւնիքի մարզի «ՏաԹևեր» ճոպանուղին ներառուած է ամերիկեան հեղինակաւոր Forbes ամսագրի «2021-ի սիրուած արկածախնդրութիւններ»-ու առաջին տասնեակին մէջ։
Էնն Էպըլ «Թռիչք Հայաստանի վրայով» իր գրութեան մէջ նկարագրած է իր տպաւորութիւնները Հայաստան կատարած այցելութենէն, իր ուղեւորութիւնը բաղդատելով Ճեյմս Պոնտի և Ինտիանա Ճոնսի արկածախնդրութիւններուն հետ, յատկապէս աւելի քան հինգ քիլոմեթր երկարութեամբ «ՏաԹևեր» ճոպանուղիով երթեւեկութեան ակնարկելով։
Հեղինակը նշած է, թէ խցիկը որոշ տեղեր կախուած է գետնէն 1000 ոտնաչափ (շուրջ 305 մեթր) բարձրութեան վրայ։
Նշենք, թէ «ՏաԹևեր» ճոպանուղին՝ վերջերս «World Travel Awards»-ի 28-րդ մրցանակաբաշխութեան «Աշխարհի առաջատար ճոպանուղի» անուանակարգին մէջ գրաւած է առաջին տեղը։
«ՏաԹևեր» ճոպանուղին կառուցուած է 2010-ին, «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթևի վերածնունդ» ծրագրի շրջանակին մէջ: Ան աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղիներէն մէկն է։ Օդուղիին երկարութիւնը՝ 5752 մեթր է եւ շինարարական աշխատանքները աւարտած են ընդամէնը տասը ամսուան ընթացքին, «Doppelmayr/Garaventa» ընկերութեան միջոցով։