Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Պառիի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան բացումը կատարուած է

Սեպտեմբեր 28-ին, Պառիի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան պաշտօնական բացումը կատարուած է։ Հիւպատոսութեան գրասենեակը կը գտնուի Corso Vittorio Emanuele 30 հասցէին, Պառի քաղաքին կեդրոնը եւ Փուլիայի շրջանի քաղաքական եւ մշակութային հաստատութիւններու շէնքերու դրացնութեամբ։

Բացման արարողութիւնը սկսած է «Փեթրուցելի» թատրոնի թենոր Ռաֆայէլէ Փասթորէի՝ Հայաստանի եւ Իտալիոյ փառերգերու կատարողութեամբ, ինչպէս նաև Տոն Մարիօ Փերսանոյի աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Պառիի նահանգապետ Ֆրանչեսքօ Ռուսսօ, քաղաքապետ Վիթօ Լեչեզէ, Իտալիոյ վճռաբեկ ատեանի նախկին նախագահ Փիեթրօ Գուրցիօ, պատուոյ հիւպատոս Տարիօ Ռուբէն Թիմուրեան, որոնք բոլորն ալ յիշատակած են Փուլիայի աշխուժ հայ համայնքը, որ հարիւրաւոր տարիներ յատկանշուած է հայ ժողովուրդի բարոյական եւ նիւթական արժէքներուն իր հաւատարմութեամբ։ Անոնք ընդգծած են նաեւ իտալահայ մտաւորական Հրանդ Նազարեանցի հսկայական ներդրումը Պառի քաղաքի կեանքին մէջ։

Բանախօսները անդրադարձած են նաեւ Նոր Արաքս գիւղին, ուր հայերը հիւրընկալուած եւ սկիզբ դրած են գորգագործութեան աւանդական արհեստին, շեշտելով թէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, նոյն այս գիւղէն Պառի գաղթած է պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Թիմուրեան:

Նահանգապետը նշած է, թէ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութիւնը պիտի դառնայ Փուլիայի մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Փուլիայի եւ Հայաստանի միջեւ գիտական, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ առեւտրային համագործակցութեան խթանման ուղղուած նախաձեռնութիւններու կեդրոն։

Հիւպատոսութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած են Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, հեղինակաւոր մտաւորականներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։