Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Ղարաբաղի եւ արեւելեան Զանգեզուրի մեր հայրենակիցները, որոնք երբեք չեն տեսած այդ հողերը, ոգեւորութեամբ եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն վերադարձի օրուան, այլ խօսքով “Մեծ վերադարձ”-ի ծրագրի իրականացման»։ Ան պնդած է, թէ այդ հողերուն 90 առ հարիւրը,– ուր «կը բնակէին ազերպայճանցիները»,– այսօր դատարկ են։
Նշենք, թէ Պաքուի բռնապետը անցեալ Յունիսին Երեւանէն պահանջած էր «յստակ պատասխան տալ, թէ ինչպէ՛ս կրնան Հայաստանի ներկայ տարածքէն՝ Արեւմտեան Ազերպայճանէն արտաքսուած ազերիները կամ անոնց ժառանգները վերադառնալ իրենց պատմական հողերը, այցելել այդ տարածքները կամ բնակութիւն հաստատել այնտեղ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։