Search
Close this search box.

Առինջի մէջ բացուած է Իրանի առեւտուրի կեդրոնը

Սեպտեմբեր 30-ին, Առինջի (Կոտայքի մարզ) մէջ բացուած է Իրանի առեւտուրի կեդրոնը, ուր ներկայացուած են իրանական շուկայի մեծ արտադրողները՝ քարիւղի, կազի, կենցաղային, շինարարական նիւթերու, ծխախոտի եւ թուղթի արտադրութեամբ զբաղող ընկերութիւններ։

Աշխարհի ամէնէն մեծը հանդիսացող իրանական առեւտուրի այս կեդրոնի համահիմնադիրներն են Նուէր Ծառուկեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի որդին, իրանական կողմէն՝ գործարար Արման Օլամայեան:

Կեդրոնը կը տարածուի աւելի քանի 18 հազար քառակուսի մեթր մակերեսի վրայ եւ ունի համաժողովներու, գործարարական հանդիպումներու եւ փառատօներու համար նախատեսուած բաժիններ։ Ան կը գտնուի Գագիկ Ծառուկեանին պատանող «Առինջ մոլ»-ի տարածին։