Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Հայաստաններ. սփիւռքներու երաժշտութիւններ» եզակի համերգը

Ուրբաթ, Դեկ­տեմ­բեր 17-ին, փա­­րիզեան արուար­­ձաննե­­րէն Սիւ­­ռէ­­­նի «Ժան Վի­­լար» թատ­­րո­­­նին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ հայ­­կա­­­կան երաժշտու­­թեան եզա­­կի հա­­մերգ մը, որ կը կրէր «Հա­­յաս­­տաններ. սփիւռքնե­­րու երաժշտու­­թիւններ» (« Arménies. Musiques de diasporas ») խո­­րագի­­րը։

Այս բա­­ցառիկ ձեռ­­նարկը քով-քո­­վի բե­­րաւ հայ երա­­ժիշտնե­­րու տար­­բեր սե­­րունդներ,– յա­­ճախ ալ նոյն ըն­­տա­­­նեկան եր­­դի­­­քէն, ինչպէս՝ Քե­­-

րով­­բեան­­նե­­­րը, Տէր­­տէ­­­րեան­­նե­­­րը, կամ՝ Ղա­­րիպեան­­նե­­­րը,– սրա­­հը ծայ­­րէ-ծայր լե­­ցու­­ցած հան­­դի­­­սական­­նե­­­րու մէկ մա­­սին առիթ ըն­­ծա­­­յելով վերստին վա­­յելե­­լու, ու­­րիշնե­­րու՝ ծա­­նօթաց­­նե­­­լու հայ­­կա­­­կան սփիւռքնե­­րու բազ­­մա­­­զան երաժշտու­­թիւննե­­րը, ինչպէս նաեւ անոնց ակունքնե­­րը։

Այսպէս, հայ­­կա­­­կան շա­­րական­­նե­­­րու մէջ մաս­­նա­­­գիտա­­ցած «Ակն» երգչախումբը, ձայ­­նե­­­ղանա­­կային եր­­գե­­­ցողու­­թեան մէջ մաս­­նա­­­գիտա­­ցած «Կոչ­­նակ» երգչախումբը, « Papiers d’Arménies »-ն, որ վե­­րամ­­շա­­­կուած ձե­­ւով կը հրամցնէ ժո­­ղովրդա­­կան ծա­­նօթ մե­­ղեդի­­ներ, եւ «Մեծ Բա­­զար» հա­ւաքա­կանը, որու երգացանկը կը բաղկանայ աւան­­դա­­­կան երաժշտու­­թեան նմուշներէ, կա­­խար­­դե­­­ցին լսա­­րանը։ Այս բո­­լոր խումբերն ալ կազ­­մուած են Փա­­րիզի մէջ, եր­­բեմն իրար­­մէ երե­­սուն տա­­րի հե­­ռաւո­­րու­­թեամբ. անոնց ան­­դամնե­­րը կու գան հայ­­կա­­­կան սփիւռքէն՝ Պոլ­­սէն, Զմիւռնիայէն կամ Թիֆ­­լի­­­սէն՝ Վա­­լանս, Պոս­­թըն կամ Պէյ­­րութ սփռուած­­նե­­­րէ: Ինչպէս նշե­­ցին իրենց ող­­ջոյնի խօս­­քին մէջ ալ՝ «մեր ընդհա­­նուր լե­­զուն երաժշտու­­թիւնն է»։

Տար­­բեր հո­­րիզոն­­նե­­­րէ երա­­ժիշտնե­­րէ,– ոմանք՝ ծա­­գու­­մով Անա­­տոլիայէն, ու­­րիշներ՝ Կով­­կա­­­սէն,– բաղ­­կա­­­ցած չորս խումբե­­րը հրամ­­ցուցին երաժշտա­­կան իս­­կա­­­պէս շատ իւ­­րա­­­յատուկ ծրա­­գիր մը: Իւ­­րա­­­քան­­չիւր խումբ իր երան­­գով տար­­բե­­­րելով հան­­դերձ միւսնե­­րէն, միաժա­­մանակ կը լրաց­­նէր միւսնե­­րը՝ կազ­­մե­­­լով հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կեր մը: Ահա իս­­կա­­­կան խճան­­կա­­­րը հայ­­կա­­­կան սփիւռքին, սփիւռքնե­­րու։

Ան­­գամ մը եւս վկան եղանք հա­­սարա­­կաց յի­­շողու­­թիւնը կորստեան մատ­­նե­­­լու ան­­կա­­­րելիու­­թեան, քա­­նի այդ յի­­շողու­­թիւնը խո­­ցելով ան­­ցեալը՝ կը հաս­­նի մին­­չեւ մեր օրե­­րը, մին­­չեւ մեր ներ­­կան:

Լսե­­ցինք շա­­րական­­ներ, ինչպէս օրի­­նակ Արե­­ւագա­­լի եր­­գե­­­ցողու­­թիւններ, հայ­­կա­­­կան աւան­­դա­­­կան եր­­գեր, ալե­­ւի ու յու­­նա­­­կան մե­­ղեդի­­ներ: Պահ մը փո­­խադ­­րուեցանք Մշոյ աշ­­խարհ, մօր մը ու աղջկան ող­­բերգով, ի տես՝ ամուսնու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով մօ­­տալուտ բա­­ժան­­ման։ Յի­­շենք նաեւ Մեծ Բա­­զարի «Ին­­սա­­­նիս­­տան»-ը (Մարդկա­­յին­­նե­­­րու եր­­կիր), եւ կամ՝ Վա­­նայ շրջա­­նի կի­­ներու հայ­­կա­­­կան աւան­­դա­­­կան «Խիօ-խիօ» եր­­գը:

Եզ­­րա­­­փակե­­լու հա­­մար, նաեւ՝ որ­­պէսզի ար­­դար տուրքը հա­­տու­­ցա­­­նուի իւ­­րա­­­քան­­չիւրին, յի­­շենք մաս­­նա­­­կից երա­­ժիշտնե­­րու անուննե­­րը.-

« Papiers d’Arménies ».- Ժե­­րար Կար­­սեան, Արէտ Տէր­­տէ­­­րեան, հայր ու աղ­­ջիկ՝ Տան եւ Մա­­շա Ղա­­րիպեան, Ար­­տեոմ Մի­­նասեան։

«Կոչ­­նակ».- Արամ Քե­­րով­­բեան, Վիր­­ճի­­­նիա-Փա­­թի Քե­­րով­­բեան։

«Մեծ Բա­­զար» հա­­ւաքա­­կան.- Էզ­­կի Սեւ­­կի Ճան, Շու­­շան եւ Վա­­հան Քե­­րով­­բեան (Քե­­րով­­բեան­­նե­­­րու զա­­ւակ­­նե­­­րը), Էլա Նու­­րօղլու, Մա­­րիիւս Փի­­պարօ, Րաֆ­­ֆի Տէր­­տէ­­­րեան (Արէտ Տէր­­տէ­­­րեանի որ­­դին, որ մաս կը կազ­­մէ նաեւ «Ակն»-ին)։

Թ.Շ. ■