Յուշակոթողին բացումը կը կատարեն Աննա Աֆէեան եւ Վերոնիքա Զոնապենտ
Սեպտեմբեր 30-ին, «Կոմիտաս» թանգարան-հիմնարկի յարակից զբօսայգիին մէջ բացումը կատարուած է Աւրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող-քանդակին, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կազմակերպութեամբ։
Պրոնզաձոյլ յուշակոթողին բացումը կատարած են «Աւրորա»-ի խորհուրդի անդամ Աննա Աֆէեան եւ UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցի հիմնադիր եւ կառավարիչներու խորհուրդի նախագահ, Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ։
Քանդակի պատուանդանի ներքոյ յաւերժ պահպանութեան տրուած են Աւրորա Մարտիկանեանի գերեզմանէն առնուած հող, ինչպէս նաեւ՝ Տէր Զօրի անապատի զոհերու մասունք՝ բերուած Անթիլիասէն։
Քանդակի երկու կողմերը կը ցոլացնեն Մարտիկանեանի կեանքը՝ անցած ճամբան ցեղասպանութեան վայրագութիւններու ընդմէջէն եւ փրկութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Յուշակոթողին մէկ կողմը պատկերուած են կիներ, որոնք կը տառապին Տէր Զօրի անապատի ճամբաներուն վրայ, ներառեալ՝ երիտասարդ Աւրորան։ Իսկ քանդակի ճակատին Աւրորան կ՚առանձնանայ իբրեւ կին, որ յաղթեց մահուան եւ իր պատմութիւնը ներկայացուց աշխարհին՝ դառնալով խիզախութեան ու վերապրումի մարմնացում։
Երկկողմանի յուշակոթող-քանդակի հեղինակը իտալահայ քանդակագործ Վիգէն Աւետիսեանն է։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Նուպար Աֆէեանի գնահատումով՝ քանդակը առաջին անգամ Երեւանի մէջ ֆիզիքապէս կը մարմնաւորէ «Աւրորա»-ի արմատները, որոնք կ՚երկարին Հայոց ցեղասպանութեան։
“«Աւրորա»-ն կը ներկայացնէ թէ՛ մեր անցեալը, թէ՛ մեր ապագան՝ մեզ առաջնորդելով մարդասիրական ուղղութիւններով, ոչ թէ՝ մարդասպանութեան”,– նշած է Աֆէեան։
Յուշաքանդակը արժեւորած ու անոր խորհրդանշական կարեւորութեան անդրադարձած են նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Աննա Աֆէեան, Վերոնիքա Զոնապենտ, «Աւրորայի»-ի տնօրէններու խորհուրդի անդամ Էրիկ Իսրայիլեան։
Օրուան առիթով Մատենադարանէն յատկապէս դուրս բերուած եւ ցուցադրուած է «Մատեան մարդասիրաց» ձեռագիրը, որ ԻԱ. դարուն Մատենադարանի մէջ ստեղծուած առաջին ձեռագիրն է՝ նուիրուած «Աւրորա» նախաձեռնութեան պատմութեան եւ գործունէութեան:
Արարողութեան ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ «Աւրորայի լուսաբացը» ֆիլմը, իսկ «Կոմիտաս» թարգարանի համերգասրահին մէջ ելոյթ ունեցած է «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական երգչախումբը՝ Տիգրան Հեքեքեանի ղեկավարութեամբ, որ ներկաները յուզած է հայկական ստեղծագործութիւններու տպաւորիչ կատարումներով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։