Search
Close this search box.

ՈՒՔՐԱԻՆԱ – Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնի նորոգուած տարբերակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը

Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Հոկտեմբեր 2-ին, Քիեւի մէջ տեղի ունեցած է «Նռան գոյնը» ժապաւէնի նորոգուած տարբերակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։

Ֆիլմը նորոգուած է «Մարթին Սքորսեզէ» հիմնադրամին կողմէ, Ուքրանիայի մէջ ֆիլմեր պատրաստող եւ արտադրող «Arthouse Traffic» ընկերութեան շնորհիւ։

Մշակութային սոյն ձեռնարկը կազմակերպած են տեղւոյն Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ ARARAT ընկերութիւնը։

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան ընդգծած է Փարաճանովի արուեստի անգնահատելի արժէքը, ազգերը միաւորելու տաղանդը եւ անոր ազդեցութիւնը միջազգային շարժարուեստի զարգացման վրայ:

Ցուցադրութեան ներկայ եղած են Ուքրաինայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, օտար երկիրներու դիւանագէտներ։