Search
Close this search box.

Տիգրան Աւինեան աշխարհահռչակ թենոր Փլասիտօ Տոմինկօն պարգեւատրած է քաղաքապետի ոսկէ մետալով

Հոկտեմբեր 7-ին, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան հիւրընկալած  է աշխարհահռչակ թենոր Փլասիտօ Տոմինկօն: Վերջինս Հոկտեմբեր 8-ին Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ հանդէս պիտի գար համերգով։

Աւինեան սպանացի արուեստագէտը պարգեւատրած է Երեւանի քաղաքապետի ոսկէ մետալով՝ համաշխարհային երաժշտարուեստի, ինչպէս նաեւ Երեւան քաղաքի մշակութային կեանքի զարգացման անոր նշանակալի ներդրումին համար: