ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Հայաշխարհը ամբողջ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին եւ անշուշտ լիբանանահայ համայնքի պարզած կացութեան: Լրատու միջոցներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հիմնական եւ առօրեայ հեռաձայնային խօսակցութեան կամ կապի ընթացքին հարցադրումը՝ լիբանանահայութեան սպառնացող վտանգի եւ անոր տարողութեան մասին է:
Լիբանանահայ մամուլի եւ համայնքի պատասխանատուներու տեղեկագրութիւնները եւ յայտարարութիւնները նկատի ունենալով եւ ընդհանուր պատկեր մը տալու համար բոլորին, այսօրուան դրութեամբ կացութիւնը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ՝
ա- Պատերազմական յարձակումներու թիրախներու աշխարհագրական տարածքին մէջ չեն գտնուիր հայաշատ շրջանները, սակայն անոնց պատճառած ցնցումը եւ արհաւիրքը վախի եւ սարսափի մթնոլորտով կլանած է ժողովուրդի կարեւոր մասը:
բ- Հիմնականօրէն Պուրճ Համմուտի, Այնճարի, ինչպէս նաեւ հայաշատ այլ շրջաններու մէջ գաղթակայաններու եւ բնակարաններու մէջ ապաստանած են մեծ թիւով պատերազմական գօտիներէն խոյս տուած քաղաքացիները եւ անոնց՝ օրէ-օր բազմացող սնունդի, ընկերային եւ առողջապահական կարիքները լուրջ յանձնառութեան տակ կը դնեն համայնքը:
գ- Համայնքի կառոյցները, բացի կրթական հաստատութիւններէն, կը գործեն բնականոն ժամանակացոյցով: Համայնքի միութենական եւ հաւաքական կեանքի այլ աշխատանքները կը շարունակուին մասնակի դրութեամբ, պատշաճելով ստեղծուած ծանր պայմաններուն: Դպրոցները՝ կրթական նախարարութեան որոշումով փակ կը մնան մինչեւ Նոյեմբեր 4, իսկ համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններու մէջ կարելի է դպրոցները բանալ, սակայն նախարարութիւնը կը թելադրէ որ այդ մէկը կիրարկուի դպրոցի պատասխանատւութեամբ եւ ծնողներու կողմէ ստորագրուած համաձայնութեամբ։ Առցանց դասաւանդումը կը կիրարկուի մասնակի։
դ- Վաճառատուները եւ գործատուները ցարդ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, սակայն շուկաներու ամայութիւնը ակներեւ է եւ օրէ-օր սկսած է ճնշիչ դառնալ տնտեսական տագնապը:
ե- Ճգնաժամի շարունակութիւնը անխուսափելիօրէն ընկերատնտեսական եւ առողջապահական մարտահրաւէրի դիմաց պիտի դնէ համայնքը, որ արդէն անցնող հինգ տարիներու իրերայաջորդ ցնցումներուն հետեւանքները տակաւին ամբողջութեամբ չէ թօթափած:
զ- Ներքին կայունութիւնը խախտող դէպքեր չեն արձանագրուած եւ ներկայ աղէտը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու եւ գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը ակներեւ է բոլոր համայնքներու եւ քաղաքական կողմերու մէջ:
է- Այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու Հայաստան տարհանման օրակարգը քննարկումի նիւթ չէ, հակառակ ընկերային ցանցերու եւ Լիբանանէն դուրս գործող մամուլին մէջ շրջագայող նման նախատեսութիւններու եւ տարաձայնութիւններու։
ը- Օդակայանը կը շարունակէ գործել, սակայն ան կը գտնուի պատերազմական գօտիի անմիջական մօտիկ տարածքին մէջ եւ հոն հասնելու ճանապարհը այդքան ալ ապահով չէ: Նոյնն է պարագան Պէյրութ Այնճար միջազգային ճանապարհին, որ յաճախ օդային ռմբակոծումի թիրախ է:
թ- Լիբանանահայ համայնքի մօտ, այս բոլոր մտահոգութիւններով հանդերձ խուճապի մթնոլորտ չկայ, սակայն դէպքերու անկանխատեսելիութիւնը անորոշութեան մատնած է բոլորը:
Այլ առիթով կ՛անդրադառնամ համայնքի աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մասին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։