Search
Close this search box.

ԹՈՐՈՆԹՕ – ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Ազատ արձակեցէ՛ք Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած հայ գերիները

Աշխարհի հայերը ոտքի են

Աշխարհասփիւռ հայերը Ազերպայճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ին ընդառաջ ցոյցեր կը կազմակերպեն` պահանջելով ազատ արձակումը հայ պատանդներու գերեվարուած անձերու։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Թորոնթոյի մէջ հայ երիտասարդները պաստառ պարզած են, ուր պատկերուած են Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած հայ գերիներու լուսանկարները։

Ուաշինկթընի ցոյցը տեղի ունեցած է «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանին մօտ, ուր տեղի պիտի ունենայ COP29-ին նուիրուած առանձին քննարկում, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Ազերպայճանի կառավարութեան ներկայացուցիչները։ Երիտասարդները՝ պաստառներէն մէկուն վրայ գրած են «Ցեղասպանութիւն», իսկ միւսին վրայ՝ կրկին կոչ ըրած են ազատ արձակելու հայ պատանդները։