Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ԱԼՖՈՐՎԻԼ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան տնօրէնուհին քաղաքապետին կողմէ պարգեւատրուեցաւ՝ ընկերակցական կեանքին եւ հայ մշակոյթի տարածման իր ներդրումին համար

Շաբաթ, Հոկ­տեմբեր 5-ի երե­կոյեան, Ալ­ֆորվի­լի քա­ղաքա­պետա­րանին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ մշա­կոյ­թի տան (ՀՄՏ) տնօ­րէնու­հի Արաքս Տէր-Գէոր­գեանի պար­գե­ւատրման արա­րողու­թիւնը՝ ձե­ռամբ քա­ղաքա­պետ Լիւք Գար­վունա­սի։ 

Ան «Քա­ղաքի շքան­շան»-ը յանձնեց Արաքս Տէր Գէոր­գեանին, «ի նշան երախ­տա­գիտու­թեան՝ ձեր տա­րինե­րու ըն­կե­րակ­ցա­կան (associatif) յանձնա­ռու­թեան, ՀՄՏ-ի եր­դի­քին տակ մաս­նա­ւորաբար երի­տասարդ սե­րունդին մէջ հայ մշա­կոյ­թի տա­րած­ման ի նպաստ ձեր մա­տու­ցած ծա­ռայու­թեան հա­մար»։ 

Իր կար­գին Արաքս Տէր Գէոր­գեան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լէ ետք քա­ղաքա­պետին եւ անոր բո­վան­դակ կազ­մին, ըսաւ.

“Ին­ծի հա­մար իս­կա­կան պա­տիւ է այ­սօր ստա­նալ այս հե­ղինա­կաւոր «Քա­ղաքի շքան­շան»-ը։

Ես խո­րապէս զգա­ծուած եմ այս ճա­նաչու­մէն՝ քա­ղաքի շքան­շա­նը ստա­նալու այս մեծ առանձնա-

շ­նորհէն։

Այս պար­գե­ւատ­րումը անձնա­կան ըլ­լա­լէ շատ անդին է, քա­նի որ ան Ալ­ֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տան կող­մէ տա­րինե­րէ ի վեր կա­տարո­ւած խմբա­յին աշ­խա­տան­քի ցո­լացումն է։

Որ­պէս Հայ մշա­կոյ­թի տան տնօ­րէնու­հի՝ ես հպարտ եմ ինը տա­րինե­րու ըն­թացքին մեր միասին ան­ցած ճամ­բով։

Ուստի այս շքան­շա­նը կ՚ու­զեմ ձօ­նել բո­լոր անոնց, որոնք Հայ մշա­կոյ­թի տու­նը դար­ձուցին այն ինչ որ է՛ այ­սօր, այլ խօս­քով՝ Յաս­միկ Գե­ւոնեանին, նախ­կին նա­խագահ­նե­րուն, ի մաս­նա­ւորի՝ Երո­ւանդ Պա­ռաւեանին, Վար­չա­կան խոր­հուրդի ան­ցեալի ու ներ­կա­յի բո­լոր ան­դամնե­րուն, մշտա­պէս հոն աշ­խա­տողներուն, ան­դա­մագ­րո­ւած­նե­րուն, ըն­կե­րակ­ցութիւննե­րուն, հա­րիւ­րա­ւոր կա­մաւոր­նե­րուն եւ ու­սուցիչ­նե­րուն, որոնք իրենց թան­կա­գին ժա­մանա­կը կը տրա­մադ­րեն սի­րով…

Եւ ամէն բա­նէ առաջ կ՚ու­զեմ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնել անոնց, որ այս տա­րինե­րու ըն­թացքին վստա­հեցան ինծի”։

*  *  *

Ուրբաթ, Հոկ­տեմբեր 11-ին, Ալ­ֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մար­սի­լիոյ մէջ գոր­ծող՝ հայ­կա­կան վա­ւերագ­րե­րու պահ­պանման ARAM ըն­կե­րակ­ցութեան նա­խագա­հու­հի Ասթրիտ Ար­թէն-Լու­սի­կեանի դա­սախօ­սու­թիւնը` «Հայ գաղ­թա­կան­նե­րը Օտ­տո­յի ճամ­բա­րին մէջ. Մար­սի­լիա՝ 1922-1927» բնա­բանով։ Դա­սախօ­սու­թեան յա­ջոր­դեց Ալ­ֆորվի­լի եւ ընդհան­րա­պէս Փա­րիզեան շրջա­նին մէջ վա­ւերա­կան նիւթե­րու ու փաս­տա­թուղթե­րու հա­ւաք­ման ար­շա­ւի առա­ջին տա­րուան գնա­հատա­կանի ներկայացումը՝ Սե­ւան Անա­նեանի կողմէ։ ■