Խոր ցաւով իմացանք պատուելի Սամուէլ Սահակեանի մահուան բօթը։ Ան կարևոր ներդրում ունեցած է ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն մէջ։ Պատուելիին ջանքերով հիմնուած է SPFA (Solidarité Protestante France-Arménie) կազմակերպութիւնը։
2024 Յունուար 17-ին, իր մարդասիրական երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան համար Հայաստանի նախագահին հրամանագրով անոր շնորհուեցաւ «Բարեկամութեան շքանշան» պետական բարձր պարգեւը։
«Նոր Յառաջ» – Մեր ցաւակցութիւնները հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն եւ հարազատներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։