Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ կազմակերպուած էր մամլոյ ասուլիս մը «Տարի մը ետք, առաջին ձեռքէ վկայութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ» վերնագրով, մասնակցութեամբ՝ Արցախի նախկին Պետական նախարար եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի, Միջազգային իրաւունքի փորձագէտ եւ փաստաբան Գառնիկ Քերքոնեանի, Հայաստանի նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան՝ Արման Թաթոյեանի, որոնք Ազերպայճանի կողմէ պատանդ առուած 23 հայերու անարդարօրէն բանտարկութեան հարցերուն անդրադարձան։ Անհրաժեշտ նախաձեռնութիւն մը միջազգային հասարակութեան ուշադրութիւնը վառ պահելու՝ արդէն տարի մըն է Պաքուի բանտերուն մէջ բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարներու եւ 2020-ի պատերազմին գերեվարուած հայերու կացութեան մասին, որոնք միջազգային մարդկային ամէնէն տարրական օրէնքներու ոտնակոխումով տակաւին կալանքի մէջ կը մնան, բանտարկութեան ամէնէն դաժան պայմաններու մէջ, ենթարկուած՝ անհիմն դատական հետապնդումի, առանց կարելիութիւնը ունենալու իրենց պաշտպանութեան համար դիմելու անկախ միջազգային փաստաբաններու։
Սոյն նախաձեռնութիւնը անմիջականօրէն կ՚արձագանգէ Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հայերուն ուղղած կոչին, որ միակամ պէտք է ճնշում բանեցնել մինչեւ COP29 կլիմայի միջազգային համագումարի կայացումը, հայ պատանդներու ազատ արձակումը ձեռք ձգելու համար։ Մինչ այդ պէտք է ըսել որ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատական ատեանին՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները չգործադրուած կը մնան։ Արցախը բոլորովին պարպուած է հայ բնակչութենէն, արցախցիներու անվտանգ վերադարձի, բնակութեան, գոյքի սեփականութեան իրաւունքները ոտնակոխուած են, Ազերպայճանի ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, հաւաքական մշակութային ու կրօնական հետքերու հետեւողական ոչնչացումով։
Ֆրանսական եւ արեւմտեան մամուլի երկու տասնեակ ներկայացուցիչներ փութացած էին սոյն մամլոյ ասուլիսին։ Քաջալերելի երեւոյթ մը, ինչ որ ցոյց կու տայ նաեւ նախաձեռնութեան կազմակերպիչ մարմինին յաջող աշխատանքը, որ հակառակ միջազգային ասպարէզին վրայ տիրող պատերազմական թէժ կացութեան՝ յաջողած էր միջազգային լրատու միջոցներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի եւ Հայաստանի հարցերուն վրայ, Փարիզի՛ մէջ։ Այս առթիւ կարեւոր է նշել հանդիպումին մասնակից վերոնշեալ երեք հրաւիրեալներու մասնագիտական պատրաստութիւնը եւ անոնց վերլուծութիւններու բարձր որակը։
Արցախի անկախութեան ձախողութեան ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտ է, Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դերակատարութեան ներկայի ռազմավարութիւնը գնահատելու համար։ Տարածաշրջանային երեք կայսրութիւններու միջեւ կանգնած, քաղաքական նոր ինքնուրոյն, ինքնիշխան ուղեգիծ մը որոնելու գործընթացին լծուած, Հայաստանի իշխանութիւններուն պայքարը անտարբեր չի ձգեր միջազգային դերակատարները, թէ՛ ռուս-ուքրանական պատերազմին, թէ՛ ալ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմին ծիրերէն ներս, ուր մէկ կողմէն՝ Հայաստան–Ռուսաստան–Արեւմուտք լարուած յարաբերութիւնները եւ միւս կողմէն՝ Հայաստան–Իրան–Ազերպայճան–Իսրայէլ տագնապալի կապերը Հայաստանը անմիջականօրէն կ՚առնչեն միջազգային քաղաքականութեան։ Միջազգային հանրութեան հետաքրքրութիւնը Հայաստանի հանդէպ կարեւոր ցուցիչ է անոր ամբողջովին Ռուսաստանի ենթակայ պետութիւն ըլլալու կարգավիճակէն ձերբազատման առումով։
Արեւմտեան պետութիւններ ճնշում կը բանեցնեն Ազերպայճանի վրայ որ մինչեւ COP29-ի վեհաժողովը Հայաստանի հետ կնքէ խաղաղութեան պայմանագիր, որուն կ՚ընդդիմանան Ռուսաստան, Ազերպայճան եւ Թուրքիա, սպասելով աւելի յարմար առիթի, Ռուսաստանի վերահսկողութեան ներքոյ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը ձեռք ձգելու համար։ Անկասկած ԱՄՆ-ու ընտրութիւնները տարածաշրջանին քաղաքական հոլովոյթին պիտի տան որոշիչ ուղղութիւն մը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։