Search
Close this search box.

Պաքուի դատարանը երկարաձգած է Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութիւնը

Մինչ Ազերպայճանի մէջ տեղի ունենալիք Cop29-ի համաժողովին ընդառաջ՝ ամէնուրեք կոչեր կ՚ըլլան հայ գերիները ազատ արձակելու, ազերպայճանական լրասփիւռները կը հաղորդեն, թէ Պաքուի Սապայիլի շրջանային դատարանը երկարաձգած է 2023 Սեպտեմբերէն ի վեր կեղծ մեղադրանքներով ապօրինաբար բանտը պահուող՝ Արցախի Հանրապետութեան նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութեան ժամկէտը։

Բայց, Ռուբէն Վարդանեան միակը չէ այսպէս՝ շինծու մեղադրանքներով եւ ապօրինի կերպով աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող։ Կան այլ 22 հայ գերիներ եւս, որոնց շարքին են Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահները՝ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը վարած Դաւիթ Իշխանեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան նախարարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը…։

Եւ դեռ կան տասնեակներով տղաք,– որոնց թիւն իսկ ստոյգ չէ, քանի որ մեծ թիւով ալ՝ ճակատագիրը անծանօթ, անհետացածներ կան,– որոնք պատերազմին գերի իյնալէ ետք, միջազգային օրէնքներու ամենաբիրտ խախտումներով՝ չեն վերադարձուած։ 

Հայկական ճակատի վրայ ցաւալի իրականութիւն է, որ այս վերջիններուն մասին հետզհետէ աւելի քիչ կը լսենք, մինչ անոնք հայրենիքի պաշտպանութեան սիրոյն յայտնուած են այդ դժոխային գողգոթային մէջ։