Search
Close this search box.

ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ – Նիուվեխայն քաղաքի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարի օրհնութեան եւ օծման կարգը

Նետերլանտներու Նիուվեխայն քաղաքի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ, Հոկտեմբեր 19-ին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի ձեռամբ կատարուեցաւ խաչքարի օրհնութեան եւ օծման կարգ։ Արարողութեան մասնակցեցան Ամսթերտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տարօն քահանայ Թադէոսեան եւ Մաստրիխթի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աստուածատուր քահանայ Սարգսեան։

Խաչքար-յուշարձանի հեղինակը խաչքարագործ-նկարիչ Արտակ Համբարձումեանն է․ յուշակոթողը կառուցուած է բարերար Արմէն Ավանէսովի աջակցութեամբ։ Ան նուիրուած է նետերլանտցի բարեկամ ժողովուրդին՝ ի նշան հայ համայնքի բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան։

Օրհնութեան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Պիագով, Նիուվեխայնի քաղաքապետ տիկին Մարայկէ Վան Պէուկերինկ՝ իր խորհրդական Ճոն Վան Էնկելենի ուղեկցութեամբ, Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, վարչութեան անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Ս. Նիկողայոս եկեղեցին եւ Նետերլանտներու հայ համայնքը երկար տարիներէ ի վեր կը պահպանեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններ։ Եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքի համար ամիսը անգամ մը կը կատարուին Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն եւ հոգեւոր զրոյցներ, որոնք կը կազմակերպուին Տարօն քահանայ Թադէոսեանի կողմէ։

Յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 20-ին, Ամսթերտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին Խաժակ սրբազանի ձեռամբ քսանմէկ պատանիներ եւ երիտասարդներ ստացան դպրութեան, հինգ երիտասարդներ՝ կիսասարկաւագութեան աստիճան, իսկ վեց երեխաներ օրհնութիւն ստացան խորան բարձրանալու։

Սրբազան հայրը նաեւ օրհնեց եկեղեցւոյ երգչախումբին միացած երիտասարդուհիները, իսկ աւարտին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յանձնեց նորօրհնեալ Սրբալոյս միւռոնը, որով կատարուեցաւ ջրօրհնեաց արարողութիւնը։