Search
Close this search box.

Լոնտոնի մէջ գործող Mooradian Studio-ն շահած է Թումոյի նախաձեռնած Գիւմրիի շուկայի եւ խոհարարական դպրոցի ճարտարապետական մրցոյթը

Թումօ կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ մրցելով ամբողջ աշխարհէն աւելի քան 150 ճարտարապետներու հետ՝ Լոնտնոնի մէջ գործող Mooradian Studio-ի նախագիծը շահելով մրցոյթը՝ Գիւմրիի շուկայի եւ խոհարարական դպրոցի համար առաջարկած է նոր քաղաքաշինական տարածք, որ կը միաւորէ հանրային կեդրոններ, խոհարարական դպրոց ու սննդեղէնի շուկայ: Ընտրուած նախագիծը կը խթանէ համայնքային ներգրաւումն ու կայունութիւնը՝ փոխակերպելով շուկան սննդեղէնի, կրթութեան եւ տեղացիներու ընդգրկման աշխուժ կեդրոնի: 

Դատակազմը յատկապէս ընդգծած է Mooradian Studio-ի փոխակերպող մօտեցումը, Հայաստանի մէջ առկայ վերամշակման ենթակայ շինանիւթերու վրայ կեդրոնացումն ու Գիւմրիի վարկը բարձրացնելու ներուժը:

Գիւմրիի խոհարարական դպրոցի եւ շուկայի նախագիծի մասին կարելի է իմանալ աւելին՝ հետեւեալ յղումով՝ #TUMOGyumri