Search
Close this search box.

Գանձասարի վանքի բանալիները յանձնուեցան Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս սրբազանին

 

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան վերջերս այցելած է Լոռիի մարզի Տաշիր քաղաքը, ուր հանդիպում ունեցած է արցախցիներու հետ։ Հանդիպումին մասնակցած է Տաշիրի եւ յարակից գիւղերուն մէջ բնակութիւն հաստատած արցախահայութիւնը։

Վրթանէս սրբազան հարցումներու միջոցով ընդհանուր պատկերացում կազմած է յիշեալ համայնքին մէջ բնակող արցախցիներու կացութեան մասին։

Արցախի թեմէն կը հաղորդեն, թէ Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ հետաքրքրական դէպք մը․ Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի բնակիչներէն մէկը մօտեցած է Սրբազանին եւ յանձնած բանալիներ։ Յայտնի դարձած է, թէ վերջինս Գոռ Բաղդասարեանի ընկերն է, որ 90-ական թուականներուն Գանձասարը պաշտպանողներուն մաս կը կազմէր։ 2023-ի տարհանման ժամանակ Գոռ իր հետ առած է Գանձասարի վանքի բանալիները: Հանդիպումին՝ անոր ընկերը բանալիները յանձնած է Վրթանէս սրբազանին՝ յուսալով, որ բոլորս կրկին կը վերադառնանք հայրենի Արցախ եւ նոյն բանալիներով կը բանանք հնագոյն վանական համալիրի դռները։