Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի՝ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ելոյթի պահուն
Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) լիագումար նիստին քննարկուած է Ազերպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ միջազգային իրաւունքի խախտումներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ բանաձեւը։
Քննարկումին ելոյթ ունեցած բոլոր երեսփոխանները դատապարտած են Ազերպայճանի իշխանութիւններու վարած ճնշումներու, բռնութիւններու քաղաքականութիւնը, մարդկային իրաւանց ոտնահարումն ու օրէնքի գերակայութեան բացակայութիւնը։ Անոնք ամօթալի համարած են COP29 համաժողովը Պաքուի մէջ կազմակերպելու երեւոյթը եւ ընդգծած, թէ բնապահական խնդիրներու պաշտպանութիւնը չի կրնար տեղի ունենալ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման պայմաններու տակ։
ԵԽ-ի երեսփոխանները Եւրոպական Միութեան կոչ ըրած են դադրեցնելու Ազերպայճանի հետ կազի համաձայնագիրը եւ պոյքոթի ենթարկելու Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ը, հնչած են նաեւ կոչեր՝ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած քայլերու ձեռնարկելու եւ ապահովելու Արցախահայութեան իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը։
Խորհրդարանականները դատապարտած են նաեւ ազերպայճանական վարչակազմին կողմէ ազերպայճանցի գործիչներու (activistes) նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումները՝ իշխանութիւններուն կոչ ընելով ազատ արձակելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալները։
Եւրոպական յանձնախումբի յանձնակատար Նիքոլա Շմիթ իր ելոյթին նշած է, թէ COP29-ը Ազերպայճանի իշխանութեան համար յարմար առիթ է ցոյց տալու իր հաւատարմութիւնը մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային պարտաւորութիւններուն։ “COP29-ը նաեւ պատմական առիթ է խաղաղութեան համար: Ազերպայճանն ու Հայաստանը երբեք այսքան մօտ չեն եղած յաղթահարելու տասնամեակներու հակամարտութիւնը։ Ազերպայճան կանգնած է կարեւոր ընտրութիւններու առջեւ՝ թէ՛ իր երկրին մարդկային իրաւանց իրավիճակի, թէ՛ ալ իր դրացիին հետ խաղաղ գործընթացի առնչութեամբ”»,– շեշտած է Շմիթ։
Ֆրանսացի եւրոխորհրդարանական եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի յատկապէս նշած է, որ բոլոր ա՛յն ազերպայճանցիներու կողքին են, որոնք բռնաճշնումներու կ՚ենթարկուին Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ “Պարո՛ն Ալիեւ, եթէ այդքան կը հաւատաք ձեր սեփական ուժերուն, ինչո՞ւ կը փորձէք լռեցնել ձեզի մարտահրաւէր յղող ձայներուն: Եթէ այդքան կը հաւատաք ձեր օրինականութեան, ինչո՞ւ բռնութիւն կը գործադրէք”,– ըսած է Պելամի՝ շեշտելով, թէ հասած է պահը որ Եւրոպան ի վերջոյ գիտակցութեան գայ։
“COP29-ը առիթ չէ: COP 29-ը գայթակղութիւն է, խայտառակութիւն, որ կ՚ոչնչացնէ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան պարտաւորութիւններու պատմութիւնը երկրի մը մէջ, ուրկէ մենք կազ կը գնենք, որ կրկին մեր հաւաքական վախկոտութեան հետեւանքն է։ Այսօր պէտք է դատապարտել կազի համաձայնագիրը, անհրաժեշտ է պատիժներ կիրարկել պարոն Ալիեւի եւ անոր վարչակազմին դէմ եւ ի վերջոյ ըսել, որ ժողովրդավարութիւնը Եւրոպայի բաբախող սիրտն է: Հայ ժողովուրդի կողքին ենք, որ կը պայքարին յանուն ազատութեան, յանուն խաղաղութեան, յանուն անվտանգութեան՝ Կովկասի տարածաշրջանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ”,– յայտարարած է ֆրանսացի դիւանագէտը։
Քննարկման աւարտին յանձնակատար Շմիթ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշած է, թէ պէտք է շարունակել մտահոգութիւններու մասին ձայն բարձրացնել, դիմել Ազերպայճանին՝ դիւրացնելու միջազգային առաքելական խումբերու մուտքը՝ Արցախ, ինչպէս նաեւ թոյլատրելու Արցախի հայութեան վերադարձը, ապահով պայմաններու տակ։
Հոկտեմբեր 24-ին, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը 453 թեր, 31 դէմ եւ 89 ձեռնպահ ձայներով որդեգրած է Ազերպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց ոտնահարման եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին բանաձեւը։
Սոյն բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ պատիժներ սահմանելու իր կոչը՝ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներ թոյլ տուած ազերպայճանցի պաշտօնատարներու նկատմամբ։ Բանաձեւը կը պահանջէ ազատ արձակել իրենց քաղաքական հայեացքներուն պատճառով բանտարկուածները, դադրեցնել բռնաճնշումներու բոլոր ձեւերը՝ թէ՛ Ազերպայճանի ներսը, թէ՛ ալ այլ երկրի սահմաններէն ներս։
Բանաձեւին մէջ ընդարձակ անդրադարձ կայ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններուն։ Ընդգծելով աջակցութիւնը երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ եւրոպացի երեսփոխանները կը վերահաստատեն իրենց պահանջը՝ Ազերպայճանի զօրքերը քաշելու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։
Ըստ Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկումի հարցերու յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեանի՝ բանաձեւը «արցախահայութեան բռնի տեղահանումը ուղղակի կը կոչէ ցեղային զտում»:
***
«ՆՅ» – Ազերպայճան այն երկիրն է, որ խորքին մէջ թքած ունի բնապահութեան եւ անոր արժէքներուն վրայ. նախ եւ առաջ իր նաւթային արդիւնաբերութեամբ՝ ան փարսախներով հեռու է բնապահ տիպար երկիր ըլլալէ։ Ճիշդ է որ այս երեւոյթը կը յիշուի յաճախ։ Բայց կայ այլ երեւոյթ մը, որու մասին գրեթէ մարդ չի խօսիր՝ հետեւեալն է. եթէ այս երկրին համար բնապահութիւնը ԻՍԿԱՊԷՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐԺԷՔ է, ապա ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ զայն արհամարհելով՝ իբրեւ գործիք գործածելով, շինծու «բնապահ»-ներով ամիսներ շրջափակուած պահեց Արցախը, սովամահութեան եզրը հասցուց անոր խաղաղ բնակչութիւնը։
Միայն այս երկու փաստերը բաւարար են ապացուցելու որ Ազերպայճանի համար բնապահութիւնը լոկ «գործիք» մըն է։ Հետեւաբար, այդ երկրին հետ մեր՝ հայերուս ունեցած ծովածաւալ խնդիրներէն անդին ալ պէտք է ողբալ բնապահութեան բաժին ինկած ճակատագրին համար, որ այսօր ըստ շա՜տ-շատերու՝ երկրագունտին սպառնացող գլխաւոր վտանգն է եւ այդ նոյն շա՜տ-շատերու իսկ ձեռամբ «հիւանդ»-ը վստահուած է զայն արհամարհող, «գործիք» համարողի ձեռքերուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։