Search
Close this search box.

Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբի եւրոպական շրջապտոյտը՝ մաէսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ

Լոնտոնի համերգէն

 

Հայաս­տա­նի պե­տական սե­նեկա­յին նուագա­խումբը՝ մաէսթրօ Սի­փան Օլա­հի (Մեծն Բրի­տանիա) ղե­կավա­րու­թեամբ Եւ­րո­պայի զա­նազան քա­ղաք­նե­րու մէջ բա­ցառիկ հա­մերգներ ներ­կա­յացու­ցած է՝ յար­գանքի տուրք մա­տու­ցե­լով ու նշե­լով աշ­խարհահռչակ Շառլ Ազ­նա­ւու­րի 100-ամեակը, հայ երաժշտա­րուես­տի երախ­տա­ւոր Կո­միտա­սի 155-ամեակը, ինչպէս նաեւ ժա­մանա­կակից եր­գա­հան­ներ Ման­սուրեանի ու Ամիր­խա­նեանի 85-ամեակ­նե­րը։

Երե­ւանի «Առ­նօ Բա­բաջա­նեան» հա­մեր­գասրա­հին մէջ Հոկ­տեմբեր 5-ին ծայր առած շրջաապտոյտի առա­ջին փու­լը Վե­նետի­կի Սուրբ Ղա­զար կղզիի պատ­մա­կան վան­քին մէջ Հոկ­տեմբեր 17-ին ներ­կա­յացուած հրա­շալի հա­մերգն էր (տե՛ս. «Նոր Յա­ռաջ» Հոկ­տեմբեր 26-ի թի­ւը)։

Լոն­տոն

Հոկ­տեմբեր 20-ին, նուագա­խումբը վե­րադար­ձած է Մեծն Բրի­տանիա՝ աւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեակ դա­դարէ ետք ելոյթ ու­նե­նալով Լոն­տո­նի սիր­տին վրայ Ուեսթմինսթըրի «Smith Square» սրա­հին մէջ։ Հա­մեր­գին ներ­կայ եղած են Միացեալ Թա­գաւո­րու­թեան (Մ.Թ.) բարձրաս­տի­ճան ներ­կա­յացու­ցիչներ, երես­փո­խան­ներ, լոր­տեր, դես­պաններ եւ աւե­լի քան 450 երաժշտա­սէր հան­դի­սական­ներ։

Հնչած են Շառլ Ազ­նա­ւու­րի յայտնի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու դա­սական մշա­կումնե­րը, նե­րառեալ՝ “She” եւ « Emmenez-moi »-ն, զորս ներ­կա­յացու­ցած են թե­նոր Սի­փան Օլահ, սոփ­րա­նօ Հա­յար­փի Եղի­կեան եւ «Քլին­կըն» երգչախմբը։ Հան­դի­սատե­սը վա­յելած է նաեւ Տիգ­րան Ման­սուրեանի եւ Ռո­բերտ Ամիր­խա­նեանի երաժշտու­թիւնը, դաշ­նա­կահար Սո­նա Բար­սե­ղեանի եւ ջու­թա­կահար Աստղիկ Վար­դա­նեանի մե­նանուագ­նե­րը, ինչպէս նաեւ հո­պուայի (hautbois) վարպետ Ճեք Յա­կոբ Մու­րա­տեանի (Մ.Թ.) եւ սոփ­րա­նօ Նա­րինէ Մալ­խա­սեանի (Մ.Թ.) ելոյթնե­րը։ 

Երե­կոյ­թը եզ­րա­փակուած է «Ազ­նա­ւուր դա­սական­ներ» (“Aznavour Classics”) շար­քով, մե­ծապէս տպա­ւորե­լով հան­դի­սատե­սը։

Յա­ջորդ օրը՝ Հոկ­տեմբեր 21-ին, նուագա­խումբը հան­դէս եկած է Գար­տի­ֆի մէջ, Կալ­լէ­սի հայ­կա­կան հա­մայնքի կեդ­րո­նի հա­մագո­րածակ­ցութեամբ։ Սա Գար­տիֆի մէջ նուագա­խումբին առա­ջին ելոյթն էր։ Այստեղ եւս Օլա­հի եւ Եղի­կեանի աննման կա­տարումնե­րը, ինչպէս նաեւ Աստղիկ Վար­դա­նեանի՝ Կո­միտա­սի «Կռունկ»-ի յու­զիչ ներ­կա­յացու­մը ջու­թա­կի մե­նանուագով, ան­մո­ռանա­լի պա­հեր պար­գե­ւած են ունկնդիր­նե­րուն։

Նշենք, թէ երե­կոյ­թի շրջա­նակ­ին մէջ կազ­մա­կեր­պուած է նաեւ Կո­միտա­սին նուիրուած ցու­ցա­հան­դէս՝ կալլէ­սա­հայ նկա­րիչ Մա­րիամ Թո­րոսեանի կող­մէ։

Պրիւ­սէլ

Հոկ­տեմբեր 23-ին, նուագա­խումբը ելոյթ ու­նե­ցած է Պրիւ­սէ­լի միջ­նա­դարեան Գամպրի աբբայարանի յար­կին տակ, կազ­մա­կեր­պութեամբ Պել­ճի­քայի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն «Հայ Տուն»-ի, աւե­լի քան 300 հան­դի­սական­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։

Կո­միտա­սի մա­սին կարճ վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նի մը ցու­ցադրու­թե­նէն ետք երե­կոյ­թը շա­րու­նա­կուած է Սի­փան Օլա­հի եւ Հա­յար­փի Եղի­կեանի կող­մէ Ազ­նա­ւու­րի նշա­նաւոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու կա­տարո­ղու­թեամբ։

Քէօլն

Հոկ­տեմբեր 24-ին, նուագա­խումբը ելոյթ ու­նե­ցած է Գեր­մա­նիոյ Քէօլն քա­ղաքին մէջ։ Երե­կոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր Գեր­մա­նիոյ Հայ առա­քելա­կան թե­մին կող­մէ, Սուրբ Ակ­նես եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Սոփ­րա­նօ Տա­թեւիկ Աշու­րեան (Գեր­մա­նիա) եւ ջու­թա­կահար Աստղիկ Վար­դա­նեան հան­դէս եկած են յու­զիչ ելոյթնե­րով, ներ­կա­յաց­նե­լով Կո­միտա­սի ան­մահ գոր­ծե­րը։ Սոփ­րա­նօ Անուշ Նա­զարեանի (Գեր­մա­նիա) կա­տարո­ղու­թեամբ հնչած է Ռո­բերտ Ամիր­խա­նեանի «Արեւոտ անձրեւ» ռո­ման­սը։ Յայ­տա­գիրը նե­րառած է նաեւ «Ազ­նա­ւուր դա­սական­ներ» շար­քը, որ առա­ջին ան­գամ հնչած է Քէօլ­նի մէջ, ինչպէս նաեւ Ազ­նա­ւու­րի ծանօթ եր­գե­րը, թե­նոր Սի­փան Օլա­հի եւ սոփ­րա­նօ Հա­յար­փի Եղի­կեանի սքան­չե­լի կա­տարո­ղու­թեամբ։

Քէօլ­նի «Կո­միտաս» երգչա­խումբի տպա­ւորիչ ելոյթը՝ «Երա­զի իմ եր­կիր հայ­րե­նի» եր­գով, տա­կաւին եր­կար ժա­մանակ պի­տի մնայ հան­դի­սատե­սի յի­շողու­թեան մէջ։ Հա­մեր­գը աւար­տած է « Pour toi Arménie »-ով, կա­տարո­ղու­թեամբ երեք սոփ­րա­նօներու՝ Հա­յար­փի Եղի­կեանի, Տաթեւիկ Աշու­րեանի եւ Անուշ Նա­զարեանի, Քէօլ­նի «Կո­միտաս» երգչա­խումբի, Հա­յաս­տա­նի պե­տական սե­նեկա­յին նուագա­խումբի՝ մաէսթրօ Սի­փան Օլա­հի ղե­կավա­րու­թեամբ։ 

Հան­դի­սատե­սը եր­կա­րատեւ յոտնկայս ծա­փահա­րու­թիւննե­րով հաս­տա­տած է երե­կոյ­թին յա­ջողութիւնը։ ■

Խմբագրական