Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28-ին հրապարակած յայտարարութիւնով կը դատապարտէ Իրանի դէմ իսրայէլեան վերջին գործողութիւնը։
«Հայաստանը դատապարտում է միջազգային անվտանգութեան խախտմանն ուղղուած գործունէութիւնը, որն արտայայտուել է նաեւ անցած շաբաթ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ իրականացուած գործողութիւններում։ Մենք խորապէս մտահոգուած ենք աւելի լայն տարածաշրջանում տեղի ունեցող զարգացումներով»,– կ՚ըսուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ յոյս կը յայտնուի, որ դիւանագիտութիւնը կարելիութիւնը կ՚ընձեռէ պաշտպանելու միջազգային իրաւունքը եւ կանխելու հետագայ անցանկալի զարգացումները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։