Հոկտեմբեր 31-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. արքեպիսկոպոս Մաշալեան։
Այս առիթով Մայր Աթոռի միաբանները Պատրիարք հայրը թափօրով առաջնորդած են Քրիստոսահիմն Մայր տաճար, ուր Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կատարուած է «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն։
Միաբանութեան անունով Մաշալեան սրբազանը ողջունած եւ բարի գալուստ մաղթած է Մայր Աթոռի լուսարարապետի պաշտօնակատար Յարութիւն վարդապետ Կիրակոսեան։
Այնուհետեւ Պատրիարք հայրը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները շնորհած է Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան՝ ընդգծելով, որ հոգեւոր մխիթարութիւն է վերստին գտնուիլը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Ապա Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գլուխ-գլխի զրոյցը:
Յառաջիկայ օրերուն Սահակ Բ. պատրիարք պիտի մասնակցի Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։