Search
Close this search box.

ԹԻՒՐՔՄԷՆՍՏԱՆ – «Հայկական մշակոյթի օրեր» Աշխապատի մէջ

 

Թիւրքմէնստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ կազմակերպուած են «Հայկական մշակոյթի օրեր»։

Հոկտեմբեր 28-ին, Հայ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսած է «Ալթունեան» պետական համոյթի ելոյթով եւ Սերգեյ Փարաճանովի նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսով,  մայրաքաղաքի «Մուղամլար» մշակութային կեդրոնի համերգասրահին մէջ:

Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան եւ Թիւրքմէնստանի Մշակոյթի փոխնարարար Նուրսախեթ Շիրիմով:

«Հայկական մշակոյթի օրեր»-ու շրջանակին մէջ «Աշխապատ» եւ «Վաթան» թատերասրահներուն մէջ ցուցադրուած են հայկական ժապաւէններ՝ «Կտոր մը երկինք», «Հայրիկ» եւ «Բաղդասարը բաժանւում է կնոջից», ինչպէս նաեւ «Շունն ու կատուն», «Կապոյտ ծովում սպիտակ փրփուրի մէջ», «Մի կաթիլ մեղրը», «Եւ ամէն երեկոյ», «Կախարդական ծիածանը» կենդանապատկերները: