Search
Close this search box.

Ֆրանսայի դեսպանը կը հակադարձէ «ազերպայճանական սահմանին ֆրանսական հետախուզութիւն տեղակայելու» մասին Պաքուի կեղծիքներուն

 

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի հակադարձած է Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան առնչուող՝ ազերպայճանական լրասփիւռներու տարածած կեղծիքներուն, որ իբրեւ թէ «Ֆրանսա իր հետախուզական ծառայութեան անդամները կը տեղակայէ ազերպայճանական սահմանին»։

«Լրտեսական երեւակայածին պատում, որուն իբրեւ վրադիրք կցուած է Սիւնիքի մարզպետի հետ Ներքին Հանդ կատարած այցելութեանս՝ լրտեսական ոճով լուսաբանումը»,– գրած է դեսպանը X-ի իր հաշիւին։

Նշենք, թէ Եւրոպական Միութեան դէտերու եւ Ֆրանսայի դեսպանին՝ Ներքին Հանդ գիւղ այցելութիւնը, ազերպայճանական իշխանամերձ լրասփիւռներուն դժգոհութիւն պատճառած էր։ Անոնք նաեւ հրապարակած էին տեսանիւթ մը՝ նշելով որ հոն իբրեւ թէ «ֆրանսական հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներ կը տեղակայուին»։