Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ վեհաժողովին մասնակցող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 7-ին hանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ:
Վերջինս իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններուն եւ նշած, թէ ինք կը յուսայ, որ Երեւան եւ Պաքու պիտի կարենան խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: “Շատ կարեւոր է ամէն ինչ ընել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ապագայ մը կառուցելու համար”,– ըսած է նախագահ Մաքրոն, աւելցնելով. “Մենք՝ եւրոպացիներս այլեւս չենք փափաքիր կայսերապաշտութիւն եւ այլեւս չենք ուզեր սահմաններու վերանայում մեր ցամաքամասին մէջ”:
Կողմերը կարեւոր նկատած են պարբերական բնոյթի բարձր մակարդակի հանդիպումները, որոնք կարելիութիւն կը ստեղծեն քննարկելու թէ՛ երկկողմ օրակարգին առնչուող եւ թէ՛ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Երկուստեք քննարկած են նաեւ տնտեսութեան, ենթակառոյցներու եւ այլ բնագաւառներու մէջ միացեալ ծրագրերու վերաբերող նիւթեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) գործակցութեան առնչուող հարցեր, այդ կարգին՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն ԵՄ մուտքի արտօնութիւնը երկխօսութեամբ կարգաւորելու պարագան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։