Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը տեղեկացնէ, թէ ազէրպայճանական յատուկ ծառայութիւնները Դիմագիրքի ընկերային ցանցի արցախեան տիրոյթին մէջ կը շարունակեն հայկական օգտատէրերու հաշիւներով կեղծ լուրեր տարածել եւ վախի մթնոլորտ ստեղծել։
«ԱՀ ԱԱԾ-ն համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէ կարելի զարգացումները կանխարգիլելու համար: Կոչ կ՚ուղղենք զերծ մնալու կասկածելի լուրեր տարածելէ, զանոնք ընկերային ցանցերու մէջ քննարկելէ, եւ հետեւելու մի՛այն պաշտօնական լրահոսին»,– նշուած է Արցախի ԱԱԾ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։