Նոյեմբեր 12-ին, Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) երեսփոխան Մարքեթա Կրեկորովայի հովանավորութեամբ, Խորհրդարանին մէջ բացումը կատարուած է Սերգեյ Փարաճանովի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին, միասնական կազմակերպութեամբ՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ)-ի մէջ Հայաստանի եւ Ուքրաինայի ներկայացուցչութիւններուն։
Բացման արարողութեան իր ելոյթին Մարքեթա Կրեկորովա իր ուրախութիւնը յայտնած է հիւրընկալելու Հայաստանի եւ Ուքրաինայի դեսպանները՝ Փարաճանովի նման արուեստագէտի մը ցուցահանդէսին, որ յաճախ չէ հասկցուած, սակայն կը խօսի համամարդկային լեզուով։
Դեսպան Տիգրան Բալայեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԽ-ի մէջ «Կանաչ»-ներու խմբակցութեան եւ յատկապէս խորհրդարանական Կրեկորովային սոյն նախաձեռնութեան համար։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղած է նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ Երեւանի մէջ Փարաճանովի տուն-թանգարանին՝ ցուցահանդէսին նմուշները տրամադրելնուն համար։
Դեսպանը ընդգծած է Փարաճանովի մեծ դերը մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման առումով, վստահութիւն յայտնելով, որ Խորհրդարանի այցելուները կարելիութիւնը պիտի ունենան յառաջիկայ օրերուն վայելելու աշխարհահռչակ արուեստագէտին ստեղծագործութիւնները։
Ուքրաինայի դեսպանութեան ներկայացուցիչն ալ ընդգծած է արուեստի՝ աշխարհի բոլոր մարդիկը միաւորելու ուժը։
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան յաջորդած է ընդունելութիւն մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։