Search
Close this search box.

Պեղումներ՝ Բաղաբերդի մէջ. բացայայտուած են միջնադարեան թաքնուած մշակութային շերտերը

Սիւնիքի մարզի «Բաղաբերդ» ամրոցի տարածքին հնագիտական պեղումներ սկսած են, զորս կ՚իրականացնէ «Պատմամշակութային արգելոցթանգարաններու և պատմական միջավայրիպահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան հնագիտական արշաւախումբը՝ Աւետիս Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ։

Վերոնշեալ կազմակերպութեան համաձայն՝ հակառակ եղանակային բարդ պայմաններուն՝ արշաւախումբը փլատակներէն կը մաքրէ բարձունքին գտնուող ամրոցի պարիսպները՝ բացայայտելովմիջնադարեան թաքնուած մշակութային շերտերը։

Արդէն ի յայտ եկած են առաջին գտածոները, դարերով ծածկուած հողի հաստ շերտի տակէն յայտնաբերուած են հասարակ և ջնարակուած խեցեղէն։

«Բաղաբերդ» Սյունիքի թագաւորութեան դարպասը եղած է 10-12-րդ դդև կարևոր դեր ունեցած է Հայաստանի պատմութեան ընթացքին՝ Արշակունիներու թագաւորութեան շրջանէն մինչևՕրբելեաններու իշխանութիւն։