Search
Close this search box.

Կառավարութիւնը ընդունած է Հայաստանի փառերգը խմբագրելու առաջարկը

Կառավարութիւնը Նոյեմբեր 28-ին ընդունած է Հայաստանի Պետական փառերգը խմբագրելու Ազգային ժողովի նախագահի եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխաններու նախաձեռնութիւնը:

«Կը նախատեսուի փոփոխութիւն կատարել փառերգի բնագրին մէջ՝ զայն վերադասաւորելով պետական քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ՝ արժեւորելով պետութիւնը, ազատութեան փիլիսոփայութիւնը, Հայաստանի դրօշն ու պետականութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացին՝ փոփոխութեան ենթարկելով տուներուն յաջորդականութիւնը»,– նշած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան՝ աւելցնելով, թէ կը նախատեսուի փառերգը սապէս եզրափակել. «Նայիր նրան երեք գոյնով, նուիրական մէկ նշան, թող փողփողի թշնամու դէմ, թող միշտ պանծայ Հայաստան»:

Նիստին ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, թէ ինք անձամբ մասնակցած է «այս նախագծի ձեւաւորման քաղաքական մասին»՝ շեշտելով, որ ինք սա կը համարէ շատ կարեւոր օրէնսդրական նախագիծ: