«Մեր ժողովուրդի զաւակներու ուշադրութեան,
Սուրիական հայրենիքի մէջ փոփոխութիւններու այս փուլին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յորդորենք ըլլալ զուսպ եւ զգուշաւոր, այս ժամերուն բնակարաններէն միայն անհրաժեշտութեան պարագային դուրս գալ։
Հայ համայնքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Սուրիական Հայրենիքի բարօրութեան եւ բարգաւաճման սատարող, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ սուրիական ընկերութեան տարբեր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան ջատագով։
Այս երկրին մէջ դարարմատ ու կառուցողական ներկայութիւն ունեցող սուրիահայութիւնը համատեղ աշխատանքով պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ վերականգնումի բազմաբնոյթ աշխատանքներուն։
Խաղաղութիւն կը մաղթենք Սուրիական Հայրենիքին, իսկ Հալէպէն առժամաբար մեկնողներուն՝ ապահով ուղիներով բարի վերադարձ, որպէսզի միասին, ձեռք-ձեռքի նպաստենք երկրի բարգաւաճման»։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
***
Կիրակի, Դեկտեմբեր 8-ի առաւօտուն, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ պատարագ մատուցուեցաւ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։