Յունուար 6-ին կը տօնենք Ս. Ծնունդը։ Յովհաննու աւետարանէն վերոնշեալ մէջբերումը Ս. Ծննդեան հետ ուղղակի կապ չունի։ Սակայն, ճիշդ ձեւով կը խտացնէ կորուսեալ Հայութեան փնտռտուքը։ Բոլոր կրօնները եւ վարդապետութիւնները կեանքը ըմբռնելու ճանապարհներ կ՚առաջարկեն, կը սահմանեն։ Հայութեան առջեւ եւս այսօր կը ծառանան ճանապարհներու հարցը, հաղորդակցութեան միջոցները ապաշրջափակելու պահանջը։ Խնդիրը թէ՛ աշխարհաքաղաքական է, թէ՛ ալ հոգեւոր մակարդակի ճանապարհի։ Զարմանալի զուգադիպութիւն մը։ Թերեւս ալ մէկը միւսէն անջատ չէ։
2022-ի տարեմուտին տակաւին Հայութիւնը չէ սթափած 2020-ի ծանր պարտութեան հարուածէն եւ յետպատերազմեան ցնցումներէն։ Հայութեան ճակատագրով հետաքրքրուող իւրաքանչիւր անձ հայրենիքի հանդէպ իր համոզումները, ըմբռնումը եւ ընդհանուր առմամբ կեանքը վերիմաստաւորելու հարցին առջեւ կը գտնուի անձնապէս եւ հաւաքաբար։ Ճանապարհի որոնումի, բարոյալքումէն ձերբազատելու, ճիշդ դեղամիջոցը գտնելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի, այնքան որ մեծ են մարտահրաւէրները։ Ձախողութեան բուն պատճառները չեն բացայայտուած։ Ճշմարտութեան փնտռտուքը կը պահանջէ պատրանքներու թօթափումը, կեղծիքի բացայայտումը եւ դատապարտումը։ Հակառակ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն, պետական վարչամեքենայի մակարդակին խանգարուած է ճշմարտութեան որոնումի գործիքակազմը։ Խորհրդարանը իր բեւեռացած վիճակով ի զօրու չէ այդ աշխատանքը կատարելու, ոչ ալ իրաւական համակարգը, որ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան՝ քննադատութեան, անգործութեան, անկարողութեան, մեղսակցութեան մեղադրանքներուն ենթակայ է, եւ ոչ ալ լրատու միջոցները։
Իսկ հոգեւոր իշխանութիւնը, Եկեղեցին, որ հիմնուած է Աւետարաններու հոգեւոր ուսմունքին վրայ, կը պարզէ ամէնէն խղճալի պատկերը։ Նոյնիսկ Ֆրանսայի թեմի մակարդակին զգալի են պառակտումը, անհասկացողութիւնը, օրէնքի խախտումները։ Վերջին օրինակը՝ Փարիզի ծուխի ծխական խորհուրդի ընտրութեան պարագան է, ուր ըստ շրջող նամակի մը՝ միայն վեց վարչական ընտրուած է մեծամասնութեան քուէն ստացած ըլլալով, իսկ կանոնադրութիւնը կը պահանջէ նուազագոյն 7 հոգիի ընտրութիւնը, որպէսզի Ծխական խորհուրդը պաշտօնապէս ընտրուած սեպուի։ Իսկ նահանգապետարանին 9 հոգիի անուն տրուած է. երեք (չ)ընտըրեալներ ցանկին մէջ անցած են։ Դժբախտաբար, ընտրութիւնը վաւերացուած է Առաջնորդական տեղապահին եւ Հոգեւոր հովիւին կողմէ, որոնք նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին առաջնորդական յաջորդ ընտրութիւններուն մէջ։ Հոգեւոր հովիւը առաջնորդական թեկնածու է, իսկ տեղապահը՝ գործընթացին բարոյական պատասխանատուն։ Երբ վիճակը այսքան խայտառակ է Ֆրանսայի թեմին մէջ, ի՞նչ պէտք է սպասել Մայր Աթոռէն, որուն միաբաններն են Ֆրանսայի հոգեւոր կեանքը, եկեղեցական կեանքը առաջնորդողները։
Զարմանալի հնչեղութիւն ունի «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը…» այսօրուան հայկական իրականութեան մէջ։ Կեանքը վերիմաստաւորելը իսկական մարտահրաւէր է տասնեակ հազարաւոր զոհերու, հաշմուած զինուորներու, տուն ու տեղ թողած գաղթականներու հարազատներուն համար։ Բոլորն ալ ճշմարտութիւնը գիտնալու ծարաւը ունին։ Որքան որ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք երրորդութիւնը իրական է, շօշափելի՛, նոյնքան ալ Ես եմ-ը էական է։ Որոնումը անձնականացած է։ Խօսքը Քրիստոսին ես-ին մասին է, բայց վերջին հաշուով անհատն է որ կ՚որոնէ անանձնական ես-ը, Քրիստոսի ես-ը, աստուածայինը. կը յայտնագործէ, ճանապարհը կը բանայ, ճշմարտութիւնը կը բացայայտէ եւ կեանքը կ՚իմաստաւորէ։ Իւրաքանչիւր անհատի ներդրումը, ջանքը կարեւոր է ու անհրաժեշտ՝ վերածնունդը իրական դարձնելու համար։
Ժ.Չ. ■