Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար.– Հայաստանի և Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 14-ին, Մոսկուայի մէջ

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան Յունուար 6-ին տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի և Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 14-ին, Մոսկուայի մէջ։

Յիշեցնենք, թէ Հայաստանի կողմէ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնաց նշանակուած է ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինան, իսկ Թուրքիոյ բանագնացն է՝ ԱՄՆ-ու մէջ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչ։