Հայաստանի նախագահած ՀԱՊԿ-ն խաղաղապահ ուժեր կը ղրկէ
Ղազախստանի մէջ կազի գիներու յաւելումի մասին յայտարարութիւններէն ետք՝ քանի մը օրէ ի վեր ծայր առած բողոքի համատարած ցոյցերը Չորեքշաբթի, Յունուար 5-ին ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ ծանրակշիռ բախումներու վերածուած են։ Զայրացած ամբոխը նախկին մայրաքաղաք Ալմաթիի մէջ հրկիզած է պետական շէնքեր։ Կ՚ըսուէր նաեւ թէ խումբ մը ցուցարարներ գրաւած են քաղաքին միջազգային օդակայանը, եւ զանոնք հեռացնելու գործողութիւններու ընթացքին ծագած նոր բախումներուն՝ ապահովութեան ուժերը ունեցած են զոհեր։
Իրաց այս կացութեան մէջ արտակարգ իրավիճակ հռչակուած է։ Երկրի նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւ ցուցարարները որակելով ահաբեկիչներ, հակաահաբեկչական շարք մը գործողութիւններու հրահանգ տուած է, ինչպէս նաեւ դիմած է ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) օգնութեան, անկէ խնդրելով ուղարկել խաղաղապահ ուժեր։
ՀԱՊԿ-ի ներկայ շրջանի նախագահութիւնը կը վարէ Հայաստան։ Այնպէս որ՝ Թոքաեւի օգնութեան կոչին՝ ՀԱՊԿ-ի շարքերէն պաշտօնապէս արձագանգողը բնականաբար եղած է ՀՀ վարչապետ Փաշինեան, որ Յունուար 5-ին Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով տեղեկացուցած է, թէ Կազմակերպութիւնը Ղազախստան պիտի ղրկէ հաւաքական խաղաղապահ ուժեր՝ այդ երկրին մէջ կացութիւնը կայունացնելու նպատակով։
«Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Կասիմ-Ժոմարդ Տոկաեւի դիմումի հիման վրայ եւ Ղազախստանի ազգային անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգների բերումով, որն առաջացել է նաեւ արտաքին միջամտութեան հետեւանքով, ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը որոշում է կայացրել սահմանափակ ժամանակահատուածով Ղազախստանի Հանրապետութիւն ուղարկել հաւաքական խաղաղապահ ուժեր՝ այդ երկրում իրավիճակի կայունացման եւ կարգաւորման նպատակով»,– գրած է ՀՀ վարչապետը դիմագիրքեան իր գրառման մէջ։