Search
Close this search box.

Մարքուս Ռիթեր. «Դրական նշանները յոյս կը ներշնչեն, որ Եւրոպական Միութեան դէտերը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը»

 

Հանրային ձայնասփիւռին հետ զրոյցին՝ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր յայտնած է, թէ Հայաստանի կառավարութենէն եւ Պրիւսէլէն հասնող դրական նշանները յոյս կը ներշնչեն, որ Եւրոպական Միութեան դէտերը հայ-ազերպայճանական սահմանին 2025-ի Փետրուարէն յետոյ ալ շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։

Նշենք, թէ 2025 Փետրուարին կ՚աւարտի սոյն առաքելութեան պայմանաժամը։ Պահակախումբը Հայաստան ժամանած էր 2023 Փետրուարին։ Ան Հայաստանի սահմանամերձ տարբեր մարզերուն մէջ ունի վեց գրասենեակ եւ 200-է աւելի դէտ։