Դեկտեմբեր 23-ին, վերածնուած Արցախի սենեկային նուագախումբը՝ բռնի տեղահանումէն եւ վերակազմակերպումէն ետք, առաջին հանրային ելոյթը ունեցած է Երեւանի «Կոմիտաս» համերգասրահին մէջ։
Հանդիսութեան բացումը կատարուած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի աղօթքով եւ սրտաբուխ խօսքով։ Ելոյթ ունեցած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի գործադիր տնօրէնուհի Մարինա Մխիթարեան։
Աշխարհահռչակ թաւջութակահար եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարեկ Հախնազարեանի խմբավարութեամբ եւ նուագախումբին կատարողութեամբ հնչած են՝ Մոցարթի «Divertimento K. 136»-ը, Չայքովսքիի «Սերենատ՝ լարերու համար» (Serenade pour cordes) գործը եւ Կոմիտասի մանրանկարները։
Համերգը կարելի դարձած է Արցախի սենեկային նուագախումբի հիմնադրամի համահիմնադիրներ Յասմիկ Պապեանի, Արտակ Բեգլարեանի եւ Նարեկ Հախնազարեանի ջանքերով։
Ձեռնարկը հովանաւորած է ՀԲԸՄ-ը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։