Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ յարուցուած շինծու քրէական գործը ուղարկուած է Պաքուի զինուորական դատարան

Ազերպայճանի մէջ ապօրինի բանտարկուած, Արցախի նախկին Պետական նախարար ՌուբէնՎարդանեանի նկատմամբ յարուցուած շինծու քրէական գործը ուղարկուած է Պաքուի զինուորական դատարան։ Լուրը հաղորդած են Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազութեան եւ պետական անվտանգութեան ծառայութիւնները։

Քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը Դեկտեմբեր 28-ին հաստատուած է այդ երկրի ընդհանուր դատախազին կողմէ։

Ռուբէն Վարդանեան կ՚ամբաստանուի Պաքուի քրէական օրէնքի շարք մը ծանր յօդուածներով, որոնք կը վերաբերին «Ազերպայճանի ազգային անվտանգութեան»: Ան կրնայ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ։