Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «մարզանքի բնագաւառի տարուան լաւագոյններու ընտրութիւն» մրցոյթը։ Գաղտնի քուէարկութեան մասնակցած են Armsport.am-ը եւ այլ մարզական լրագրողներ: Մրցոյթին արդիւնքները ամփոփած է ԿԳՄՄ-ի կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբը։ Այսպէս.
Լաւագոյն 3 մարզիկներ՝ Վարազդատ Լալայեան (ծանրաբարձութիւն), Արթուր Ալեքսանեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ), Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն):
Լաւագոյն կին մարզիկ՝ Ալեքսանդրա Գրիգորեան (ծանրաբարձութիւն):
Լաւագոյն հաշմանդամ մարզիկ՝ Գրետա Վարդանեան (դահուկ եւ ծանրաբարձութիւն):
Լաւագոյն խումբ (խաղային մարզաձեւեր եւ ճատրակ)՝ Ճատրակի հաւաքականը:
Լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ՝ Էմմա Պօղոսեան (ծանրաբարձութիւն):
Յայտնութիւն համարուող մարզիկ՝ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան (ծանրաբարձութիւն):
35-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան 12-րդ անգամ ընտրուած է տարուան հայ ֆութպոլիստը։
Լաւագոյն մարզիչ՝ Յակոբ Սերոբեան (Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ):
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։