Դեկտեմբեր 22-ին, Եդուարդ Թովմասեանի մահուան պատճառած սուգի մթնոլորտին մէջ, «թոմոյավայել» միջոցառում մը կազմակերպուած է Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու« սրահին մէջ, ուր սեղաններու վրայ դիզուած են «Արաս» եւ «Իսթոս» Հրատարակչատուներուն լոյսի բերած բազմաթիւ գիրքերը։
Օրուան առիթով ներկայացուած են զրոյցներ։ Անոնցմէ առաջինը նիւթ կ՚ունենար երբեմնի Թաթաւլա թաղը, կիզակէտ առնելով 1929-ին բռնկած հրդեհը եւ անոր ընկերաքաղաքական հետեւանքները։ Հեղինակը՝ Այթէք Սոնէր Ալփան պատմագէտի վայել լրջութեամբ նկարագրած է նախ հրդեհը իբրեւ պատահար եւ ապա այդ հրդեհը շահագործող ազգայնական շրջանակներու՝ թաղի դիմագիծը փոխելու ուղղեալ ջանքերը։ Այնուհետեւ բեմ բարձրացած են «Արաս»-ի երեք գրողներ՝ Սիլվա Էօզյէրլի, Թագուհի Թովմասեան եւ Լեւոն Պաղըշ։
Երեքն ալ իրենց զեկոյցը ագուցած են սուգի գաղափարին։ Ելոյթ ունեցած են նաեւ Մասիս Քիւրքչիւկիլ եւ Ռոպէր Քոփթաշ։ Անոնք իրենց զրոյցը ներկայացուցած են «Թոմոյին Արասը» վերնագրին տակ։
Ձեռնարկը աւարտած է «Իսթոս» երգչախումբի համերգով։ Բազմանդամ երգչախումբը իր առաջին կատարումով յարգանք ու տուրք մատուցած է նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Թովմասեանին (Թոմոյին), երգելով անոր շատ սիրած երգերէն մէկը, «Զեփիւռ կը դառնամ»-ը։ Ապա յայտագիրը շարունակուած է զանազան յունարէն երգերու կատարումով։
Սոյն միջոցառումը Թոմոյի թողած աւանդին յարատեւութեան առումով ալ նշանակալից մարտահրաւէր մըն էր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։