Search
Close this search box.

Փաշինեանի արձագանգը Ալիեւին. «Պաքու կը փորձէ բախումներու հիմքեր ստեղծել, բայց Երեւան պիտի չընթանայ այդ ճամբով»

Յունուար 8-ին, «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին, վարչապետ Փաշինեան արձագանգած է Ալիեւի նախորդ օրուան յայտարարութիւններուն, նշելով թէ «Պաքու կը փորձէ բախումներու հիմքերստեղծել, բայց Երեւան պիտի չընթանայ այդ ճամբով»:

Վարչապետին կարծիքով՝ Ազերպայճան յարձակողական յայտարարութիւններ կ՚ընէ այն հաշուարկով, թէ Երեւանէն ալ կը հնչեն նոյնանման ձայներ, եւ այդ՝ Պաքուին առիթ կու տայ ա՛լ աւելի յարձակողական ըլլալու, առաւել եւս Հայաստանի բանակին կողմէ հրադադարի խախտման մասին կեղծ տեղեկութիւններ տարածելով կ՚ուզէ ստեղծել տարածաշրջանին մէջ նոր բախումներու հիմքեր։ Փաշինեան վստահեցուցած է, թէ պիտի կիրարկեն ոչ թէ յարձակողականութեան, այլերկխօսութեան լեզուն։

Ազերպայճանի նախագահը Հայաստանը անուանած է ֆաշական պետութիւն: Վարչապետը անդրադառնալով սոյն ամբաստանութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է Պաքուի հետ քննարկելու եւ հասկնալու, թէ ի՞նչն է Հայաստանի մասին նման ընկալման պատճառը։

Միւս կողմից ակնյայտ է, որ Հայաստանում նոյնպէս նման ընկալում կայ Ադրբեջանի մասին: Հէնցփոխադարձ այս ընկալումներն են, որ յանգեցրել են բազմամեայ հակամարտութեան: Բայցխաղաղութեան ռազմավարութիւնը այն է, որ մենք արձանագրենք, թէ Ադրբեջանում մեր մասիննման ընկալում կայ, նրանք էլ արձանագրեն, որ Հայաստանում իրենց մասին նման ընկալում կայ:Այդ ընկալումները քննարկելու, հասցէագրելու մասին է խաղաղութեան օրակարգը”,– ըսած է ան:

Իսկ որպէսզի խնդիրները լուծուին եւ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի, վարչապետը կ՚ակնկալէ, որ Պաքու դրական կ՚արձագանգէ այդ փաստաթուղթի համաձայնութեան չարժանացած երկու կէտերուն շուրջ հայկական կողմի առաջարկներուն: Ազերպայճան երկու ամիս է՝ ոչ միայն այդ, այլ նաեւ հաղորդակցութեան ճամբաներու բացման գծով Երեւանի առաջարկները անպատասխան ձգած է:

Փոխարէնը՝ նախագահ Ալիեւ չի հրաժարիր «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բանալու պահանջէն: Իպատասխան՝ Փաշինեան պնդած է, թէ պիտի իրագործեն «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, կրկին յիշեցնելով ապաշրջափակման ուղղութեամբ ներկայացուած առաջարկներու մասին:

“Մենք Երասխ-Սադարակ-Օրդուբադ-Մեղրի-Զանգելան երկաթուղին բացելու շատ յստակ առաջարկ ենք արել Ադրբեջանին: Դա աւելին է քան առաջարկը, դա յստակ հարցերի յստակ լուծում է, եւ մենք սպասում ենք Ադրբեջանի դրական արձագանգին, որից յետոյ կայացած համաձայնութիւնը կ՚արձանագրուի թղթի վրայ եւ մենք կը սկսենք երկաթուղիի մեր հատուածների շինարարութիւնը”,– ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ազերպայճան դժգոհ է նաեւ Հայաստանի ռազմական գնումներէն: Երկար ժամանակ է, որ Երեւան կ՚առաջարկէ սպառազինումներու փոխադարձ վերահսկման գործիքակազմ ստեղծել, բայց Պաքու չէ արձագանգած, ընդհակառակն՝ Ալիեւ այս անգամ աւելի հեռու երթալով կը պահանջէ ջնջել կնքուած պայմանագրերը, վերադարձնել արդէն առաքուած զէնքերը: Այս կապակցութեամբ վարչապետը յայտնած է, թէ բանակի բարեփոխումներու օրակարգին վրայ ապօրինի որեւէ տարր չկայ:

“Հայաստանը ճանաչում է իր բոլոր հարեւանների, ներառեալ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նոյնը, այսինքն՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան յստակ եւ անվերապահ ճանաչում է ակնկալում Ադրբեջանից: Մենք Հայաստանի աւելի քան 200 քառակուսի կիլոմետր բռնագրաւուած տարածքները ռազմական ճանապարհով ետ բերելու խնդիր չենք դնում, որովհետեւ սահմանազատման գործընթացը տալիս է հնարաւորութիւն այդ հարցը հասցէագրելու խաղաղ, բանակցային ճանապարհով: Այս ամէնի արձանագրումով ոեւէ մէկը չի կարող վիճարկել պաշտպանունակ բանակ ունենալու Հայաստանի իրաւունքը”,– յայտարարած է Փաշինեան: