Յունուար 8-ին տեղի ունեցած լրագրողներու հետ ասուլիսին՝ Արտաքին գործոց նախարար նախարար Արարատ Միրզոյեան արձագանգելով Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի ներկայացուցիչները կ՚ուզեն հանդիպում ունենալ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ՝ նշած է, թէ «Արեւմտեան Ազերպայճան» խօսոյթը ուղղակի տարածքային պահանջ մըն է Հայաստանի նկատմամբ։
Ան դիտել տուած է, թէ նման հարց օրակարգի վրայ չկայ։ “Մենք գործ ունինք Ազերպայճանի իշխանութիւններու յաջորդական շինծու եւ առաւելապաշտական ծրագրի հետ։ «Արեւմտեան Ազերպայճան» խօսոյթը կ՚ենթադրէ ոտնահարում՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, նոյնիսկ այդ անուանումէն սկսեալ։ Արեւմտեան Ազերպայճանը Ազերպայճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանն է։ Հայաստանի տարածքը Արեւմտեան Ազերպայճան անուանելը արդէն կը մատնէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յաւակնութիւններ”,– ըսած է Արտաքին գործոց նախարարը։
Պատասխանելով լրագրողի մը՝ հայ-թրքական սահմանէն ռուս սահմանապահներու հեռացման մասին հարցումին, Միրզոյեան յայտարարած է, թէ «Հայաստան կրնայ դիտարկել նշեալ սահմանէն ռուս սահմանապահներու հեռացման հարցը, եթէ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ վստահելի յարաբերութիւններ հաստատուին»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։