Յունուար 8-ին, Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատեան։
Ազերպայճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նախ «շնորհաւորած է Ազերպայճանը՝ իր տարածքները բռնագրաւումէն ազատագրելուն կապակցութեամբ եւ նշած, թէ իրենք շատ ուրախ են ատոր համար»։
Հանդիպումին կողմերը քննարկած են փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր, ընդգծելով՝ Հիւսիս-Հարաւ երթեւեկութեան միջանցքի զարգացման կարեւորութիւնը եւ Ազերպայճանի, Ռուսաստանի ու Իրանի միջեւ եռակողմ համագործակցութեան ձեւաչափը։
Ալի Աքպար Ահմատեան, Պաքուէն ետք, Յունուար 8-ի երեկոյեան ժամանած է Երեւան, ուր Յունուար 9-ին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ։
Հանդիպումին՝ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ խոր բնոյթը՝ աւելցնելով, թէ Հայաստան շահագրգռուած է զարգացնելով եւ ընդլայնելով փոխադարձ գործակցութիւնը՝ արհեստագիտութեան, արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, ենթակառոյցներու, ճանապարհաշինութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
Կողմերը շեշտած են, թէ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցումը՝ երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան եւ բեռներու փոխադրման ծաւալի յաւելման նոր ազդակ պիտի հաղորդէ: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին: Իրանցի դիւանագէտը յայտնած է, թէ իր երկիրը կ՚աջակցի նախագծի իրագործման՝ հոն ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։