Յունուար 10-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԼիբանանիՀանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին՝ նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առթիւ, ուրյատկապէս նշուած է.
«Համոզուած եմ, որ ձեր առաջնորդութեամբ՝ մարտահրաւէրներով լի այս ժամանակաշրջանինԼիբանան պիտի վերագտնէ կայունութեան, խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ուղին: Հայաստան եւԼիբանան ունին բարեկամութեան հարուստ աւանդութիւններ՝ հիմնուած պատմամշակութային սերտկապերու եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ փոխադարձ յարգանքի վրայ:
Կը վերահաստատեմ Հայաստանի աջակցութիւնը Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան: Կը վստահեցնեմ, որ Հայաստան պիտիշարունակէ իր աջակցութիւնը Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած միջազգայինջանքերուն՝ յատկապէս ԻՒՆԻՖԻԼ-ի ծիրէն ներս հայկական խաղաղապահ զօրախումբի գործունմասնակցութեամբ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։