Search
Close this search box.

Հայաստան ու Միացեալ Նահանգներ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատող փաստաթուղթ մը

Երեքշաբ­թի, Յու­նուար 14-ին Ուա­շինկթը­նի մէջ ստո­րագ­րուեցաւ Հա­յաս­տա­նի ու Միացեալ Նա­հանգնե­րու մի­ջեւ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թիւն հաս­տա­տող Հա­մաձայ­նա­գիրը, ՀՀ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի եւ անոր ամե­րիկա­ցի պաշ­տօ­նակից Էն­թը­նի Պլին­քը­նի կող­մէ, անոնց հան­դիպման շրջա­նակին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած արա­րողու­թեան ըն­թացքին։

Պլին­քըն այս փաս­տա­թուղթի ստո­րագ­րումը որա­կեց նշա­նակա­լից փուլ մը հայ-ամե­րիկեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ: “Կը ստեղ­ծենք ԱՄՆ-Հա­յաս­տան Ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան յանձնա­ժողո­վը, որ թոյլ պի­տի տայ ընդլայ­նել հա­մագոր­ծակցու­թիւնը տար­բեր ոլորտնե­րու մէջ, ինչպէս՝ տնտե­սու­թեան, անվտան­գութեան եւ պաշտպա­նու­թեան, ժո­ղովրդա­վարու­թեան եւ ար­դա­րադա­տու­թեան”, – ըսաւ Պլին­քըն։

Իսկ Արա­րատ Միր­զո­յեան ընդգծեց, որ «ԱՄՆ-Հա­յաս­տան Ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան հա­մաձայ­նա­գիրը ամուր հիմք կը ստեղ­ծէ եւ մեր հա­մագոր­ծակցու­թիւնը աւե­լի յա­ւակ­նոտ կը դարձնէ»։

Միր­զո­յեան կա­րեւոր հա­մարեց նաեւ Հա­յաս­տան-ԱՄՆ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զգա­լի զար­գա­ցու­մը վեր­ջին տա­րինե­րուն, հիմ­նուած՝ ընդհա­նուր ար­ժէքնե­րու եւ փո­խադարձ շա­հերու վրայ։ “Մեր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը հա­սան այնպի­սի մա­կար­դա­կի մը, ուր ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան հաս­տա­տու­մը ոչ միայն կը ցո­լաց­նէ ներ­կայ իրո­ղու­թիւնը, այ­լեւ կեն­սա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նի բարդ աշ­խարհա­քաղա­քական պայ­մաննե­րու մէջ նա­ւար­կումի տե­սան­կիւնէն”,– ըսաւ ան։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րը երախ­տա­գիտու­թիւն յայտնեց Պլին­քը­նին եւ անոր անձնա­կազ­մին՝ եր­կու ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թեան զար­գացման ուղղուած անոնց ջան­քե­րուն հա­մար։

* * *

Այս փաստաթուղթի ստորագրումը, Հա­յաս­տա­նի՝ ռու­սա­կան աւան­դա­կան արե­ւելու­մէն շե­ղումը մատնող երկրորդ յատ­կանշա­կան քայլն է, քա­նի մը օրուան մէջ։ Յու­նուար 9-ին ալ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը վա­ւերա­ցուց Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցութեան գոր­ծընթա­ցի սկսման վե­րաբե­րող օրի­նագի­ծը։ Այս քուէար­կութե­նէն ան­մի­ջապէս ետք, Եւ­րո­պական Միու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծոց եւ ապա­հովու­թեան քա­ղաքա­կանու­թեան բան­բեր Անի­թա Հի­փեր յայ­տա­րարեց, թէ ԵՄ-ն ալ իր կար­գին ի մօտոյ պի­տի սկսի քննար­կել Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցութեան գոր­ծընթա­ցին վե­րաբե­րող օրի­նագիծ մը։ ■